ՇՐՋԵԼ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԷՋԸ

Ուաշինկթըն հերթական անգամ տեղեկացուց, որ պատրաստ է աջակցիլ Երեւան-Պաքու երկարամեայ հակամարտութեան էջը շրջելու եւ աւելի լաւ ապագայի կառուցման։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն շնորհաւորական մը հրապարակեց Ատրպէյճանի անկախութեան տօնին կապակցութեամբ։ Ան այս առթիւ ընդգծեց, որ ԱՄՆ կ՚ողջունէ աշխատանքը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։ «Մենք կը շարունակենք պատրաստ ըլլալ աջակցելու այդ ջանքերուն՝ շրջելու երկարամեայ հակամարտութեան էջը եւ կառուցելու աւելի լաւ ապագայ։ Մենք լիովին հաւատարիմ ենք այս նպատակին, որ կ՚ուժեղացնէ կապը եւ տնտեսական օգուտներ կը բերէ ամբողջ տարածաշրջանին», նշած է պետական քարտուղարը։

Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Եւրոպացի յանձնակատարը այս առթիւ շեշտած է, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատումը կը հանդիսանայ ընդհանուր նպատակ։ «Տարածաշրջանային հարցերու վերաբերեալ ես վերահաստատեցի աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին ի նպաստ. մեր ընդհանուր նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումն է», ընդգծեց ան։

Միւս կողմէ, Մոսկուան ալ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն ու ներկայիս մտադիր է՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ղարաբաղի մէջ հիւպատոսարան մը բանալու։ Այսպէս, Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Կրիկորի Քարասին դիտել տուաւ, որ Ստեփանակերտի մէջ հիւպատոսարան մը բանալու համար իր երկիրը կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանի աջակցութիւնը։

Բաց աստի, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտնեց, որ Հայաստանի եւ իր երկրին միջեւ առեւտուրի գծով որեւէ խնդիր գոյութիւն չունի։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2024