ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րով վա­ղը Ե­րե­ւան պի­տի այ­ցե­լէ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր։ Հարկ է նշել, որ Գեր­մա­նիա ներ­կա­յիս շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիրն է ԵԱՀԿ-ի, ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կ՚ըն­թա­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րը։ Շթայն­մա­յէր մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին դար­ձեալ այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան։ Կարճ ժա­մա­նակ անց ան վերս­տին պի­տի մէկ­տե­ղուի Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ՝ երբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը նոր թափ ստա­ցած են՝ Ապ­րի­լի սկիզ­բին պա­տա­հած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին եւ ա­նոր յա­ջոր­դած նա­խա­գահ­նե­րու եր­կու հան­դի­պում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։

Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր, որ վա­ղը պի­տի ժա­մա­նէ Ե­րե­ւան, ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։ Նա­խա­տե­սուած է նաեւ եր­կու նա­խա­րար­նե­րուն հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սը։

Շթայն­մա­յէր Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի տե­սակ­ցի նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2016