ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ ՍՏԱՑԱՒ ՅԱՏՈՒԿ ՄՐՑԱՆԱԿ
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ իր ընդհանուր քարտուղարը՝ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի վերջերս լոյս տեսած անգլերէն նոր հատորը՝ «Աստուածաշունչի յանձնառութիւնը՝ վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձը» ստացած է յատուկ մրցանակ՝ որպէս լաւագոյն «Ծրագիր-յայտագիր»ի հրատարակութիւն։ Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնները իրենց միջազգային համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ, Յունաստան, յունիսի 17-26 թուականներուն եւ որուն կը մասնակցէին աւելի քան երկու հարիւր ներկայացուցիչներ եւ որոնք կու գային հարիւր տարբեր երկիրներէ՝ Տքթ. Ճէպէճեանի հատորը ներկայացուեցաւ եւ ստացաւ որպէս լաւագոյն մրցանակի դափնեկիր՝ մեկնելով նոյն ընկերակցութեան աշխատանքային ծրագիրներու համար հաստատուած նպատակակէտերէ։
Միացեալ Աստուածաշուչի ընկերակցութիւնները իրենց համաշխարհային համաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ, հաստատեց ութ կէտերէ բաղկացած աշխատանքային ծրագրային սկզբունքներ, որոնք հիմքը պիտի դառնային իւրաքանչիւր երկրի գրասենեակի աշխատանքներուն համար եւ յաջորդող տարիներուն ընթացքին։ Եւ այս իմաստով՝ Տքթ. Ճէպէճեանի հատորը ստացաւ այդ ծրագիրներէն առաջինիը՝ «Կեդրոնանալ յատուկ հաւաքականութիւններու վրայ եւ անոնց կարգավիճակներուն մէջէն», որ կ՚ընդգրկէ Աստուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումը ինչպէս գաղթականներու, տեղահանուածներու, անգրագէտներու, ֆիզիքական անկարողութիւններ ունեցող մարդոց, այլ հաւատքի պատկանողներու, օտարերկրեայ բանուորներու եւ սփիւռքեան գաղութներու մէջ ապրողներու ու տակաւին… Այս իմաստով՝ Տքթ. Ճէպէճեանի հատորը նկատուեցաւ որպէս լաւագոյն ծրագիր, որ կ՚ամբողջացնէր այս միջոցառումը եւ որուն հիման վրայ արժանացաւ առաջին մրցանակին։