ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի փորձառու դիւանագէտներէն դեսպան Աւետ Ադոնց, որ վերջերս արտաքին գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնէն հրաժարեցաւ, «Մետիամաքս» կայքէջին վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ըստ իրեն, ներկայիս հարկաւոր է ոչ թէ մուրճ, այլ խմբավարի ցուպ։ «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցը փաստացի հանուած է օրակարգէն։ Անհրաժեշտ է այդ մէկը վերադարձնել՝ հաշուի առնելով յետպատերազմեան իրողութիւնները։ Սա առարկայական անհրաժեշտութիւն է, սերունդները մեզի չեն ներեր, եթէ այդ բանը չընենք», ըսաւ ան։

Ըստ Աւետ Ադոնցի, 21-րդ դարուն օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան հաւատարիմ ժողովրդավարական պետութեան կառավարումը չի կրնար միանձնեայ մենաշնորհ մը ըլլալ։ Յետխորհրդային ամբողջ ժամանակահատուածին Հայաստան կը բախուի տարածքաշրջանային անվտանգութեան օրակարգով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու։ Երկրէն ներս միանձնեայ, յուզական կառավարումը պատճառ դարձած է ողբերգութեան՝ 44 օրուայ պատերազմին։ Պաշտօնական տուեալներով, պատերազմի մէջ զոհուած է մինչեւ 4 հազար հայորդի։ Կորսուածներու եւ ռազմագերիներու իսկական թիւը Ատրպէյճան կը թաքցնէ՝ անտեսելով միջազգային հանրութեան բոլոր կոչերը՝ անոնց շուտափոյթ վերադարձի անհրաժեշտութեան մասին։

«Այսօր մենք մեր զինեալ ուժերու ամբողջական բարոյալքման եւ անգործութեան եւ ազգային անվտանգութեան կառոյցներու անարդիւնաւէտ աշխատանքի ականատեսն ենք։ Հայաստան կորսնցուցած է իր տեղը տարածքաշրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութեան մէջ եւ իրավիճակը կը բարդանայ երկրի տնտեսապէս ոչ-գրաւիչ ըլլալուն պատճառով։ Նախաձեռնող օրակարգ ձեւաւորելու, Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովելիք ճանապարհային քարտէսի շուտափոյթ մշակման եւ իրագործման, ուժային կառոյցներու վերականգնման փոխարէն միանձնեայ, յուզական եւ պարզունակ պետական կառավարման շարժիչ ուժը դարձած են վախերը եւ անհամոզիչ կանխարգիլող քայլերը։ Նման միջավայրը, ուր կը ջնջուի արժանապատուութեան զգացումը եւ միանձնեայ կառավարման նման համակարգը Հայաստանն ու անոր արտաքին քաղաքականութիւնը կը դարձնեն անկանխատեսելի եւ, գուցէ, յարմար աշխարհաքաղաքական խնդիրներու լուծմամբ հետաքրքրուած բոլոր ղեկավարներու, սակայն ոչ մեր երկրի համար։ Ցաւօք, Հայաստան կը դառնայ գործիք՝ բաւարարելով բոլոր կողմերու շահերը, բացառութեամբ սեփական շահերու։ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցը փաստացի հանուած է օրակարգէն։ Սկիզբին ամբողջ շեշտը կը դրուէր ռազմագերիներու վերադարձի խնդրին վրայ, այնուհետեւ՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու Հայաստանի տարածք ներթափանցման ի պատասխան ցուցաբերուած անգործութենէն յետոյ՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման վրայ», ընդգծած է Աւետ Ադոնց։

Այս պայմաններուն ներքեւ, փորձառու դիւանագէտին կողմէ կենսական անհրաժեշտութիւն համարուած են հետեւեալները.

1- Վերականգնել Հայաստանի տեղը տարածքաշրջանային ճարտարապետութեան մէջ։ Հաւանական ապաշրջափակումը անիմաստ կ՚ըլլայ, եթէ այդ ենթակառուցուածքներու, մեր սահմաններու եւ բնակչութեան անվտանգութիւնը չապահովուի ժամանակակից զինեալ ուժերու եւ արհեստավարժ ու գործունակ անվտանգութեան ծառայութիւններու կողմէ։ Առանց այս բանին դժուար է պատկերացնել մեր դիւանագէտներու արդիւնաւէտ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ընկերատնտեսական զարգացումը եւ ներդրումային գրաւչութիւնը։

2- Անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցը վերադարձնել միջազգային օրակարգ՝ հաշուի առնելով յետպատերազմեան նոր իրողութիւնները։ Սա առարկայական անհրաժեշտութիւն է եւ ապագայ սերունդները մեզի չեն ներեր, եթէ չընենք այս բանը։

3- Ճկունութիւն ցուցաբերելով, կանխատեսելի ըլլալ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, համագործակցիլ մեր ռազմավարական եւ միջազգային գործընկերներուն հետ՝ յստակ ու ազնուօրէն նշելով մեր «կարմիր գիծերը»։

4- Ձեռնարկել հաւանական բոլոր միջոցները՝ ամենաթանկ եւ արժէքաւոր դրամագլուխը՝ ազգային ինքնութիւնը եւ համահայկական օրակարգը պահպանելու համար։ Կարծես, թէ այս բոլորը կը փլի մեր աչքին առջեւ։ Յիշեցնեմ, որ տասնամեակներ շարունակ ոչ-բարեկամ երկիրները ահռելի միջոցներ ծախսած են այդ նպատակին հասնելու համար։

Սոյն կէտերու լոյսին տակ դեսպան Աւետ Ադոնց խորհրդածութիւնները եզրափակած է ըստ հետեւեալի. «Այս ամէնը եւ շատ աւելին կարելի է իրականացնել համակարգուած պետական կառավարման պայմաններու ներքեւ, երբ ուժային կառոյցներու, Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ պետական հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը բարձր մասնագիտական մակարդակի վրայ է։ Պէտք է ո՛չ թէ մուրճ, այլ՝ խմբավարի ցուպ, որ կ՚ապահովէ նուագախումբի բարձրորակ ու ներդաշնակ կատարումը»։

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021