ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԴԷՊՔ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին թէ՛ տեղեկութիւններ փոխանցեցին վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ եւ թէ հերքեցին Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած ապատեղեկատուութիւնները։ Այսպէս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Գեղարքունիքի սահմանային հատուածէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ կրակահերթեր արձակուած են։ Թէեւ հայկական դիրքերը ենթարկուած են յարձակման, սակայն, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պնդեց, որ Հայաստանի զօրքերը քանի մը ժամ շարունակ գնդակոծած են իր դիրքերը։ Հայկական կողմը այս պնդումները որակեց հերթական ապատեղեկատուութիւն։ «Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած ժամանակահատուածին իրականութան մէջ ատրպէյճանական զօրքերը արձակած են անկանոն կրակահերթեր, որոնց հայկական կողմը չէ պատասխանած», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ դարձեալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ սահմանի իրավիճակին շուրջ՝ յամառօրէն հերքելով Պաքուի ապատեղեկատուութիւնները։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ հայկական զօրքերը նոյնիսկ մէկ կրակոց չեն արձակած հակառակորդին վրայ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, Պաքուէն կը շարունակեն հնչել զանազան յայտարարութիւններ, որոնք կը շարունակեն հակասութեան մէջ մնալ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան գործնական դրսեւորումներուն հետ։ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի կառավարութեան նիստին ժամանակ հերթական անգամ յայտնած է, որ կը ձգտին խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքել Հայաստանի հետ։ Ըստ իրեն, Հայաստան ունի միակ ճանապարհ մը՝ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել իր հարեւաններուն հետ եւ հրաժարիլ տարածքային պահանջներէ։ Ըստ իրեն, հայկական կողմը պէտք չէ օգտագործէ Լեռնային Ղարաբաղ արտայայտութիւնը։ Արդարեւ, Ալիեւի խօսքով՝ այդպիսի տարածքային միաւոր մը եւ հակամարտութեան հասկացութիւն մը գոյութիւն չունի։ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորուած է։ Հայաստան պէտք է ընդունի այս բանը ու մեզի հետ պէտք է աշխատի սահմաններու յստակեցման ուղղութեամբ», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ սահմանազատման հարցով աշխատանքային խումբ մը պէտք է ստեղծուի եւ աշխատանք պէտք է կատարուի նաեւ խաղաղութեան համաձայնագրի հաստատման շուրջ։

Միեւնոյն ժամանակ, շաբաթավերջին, Ալիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճան մտադիր է մեծացնել բանակն ու ձեռք բերել նոր սպառազինութիւններ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ղեկավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին Ալիեւ յայտնեց, որ բանակի թուաքանակը պիտի բարձրացուի։ «Ճիշդ վերլուծելով Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի արդիւնքներն ու ընթացքը՝ մենք, ի հարկէ, պիտի աւելցնենք մեր ռազմական հզօրութիւնները։ Պատերազմի աւարտէն յետոյ նոր պայմանագրեր կնքելու յանձնարարականներ տուած ենք, սկսած է ժամանակակից փորձագիտութիւններու վրայ հիմնուած նոր սպառազինութիւններ գնելու գործընթացը», ըսաւ Ալիեւ։

ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐ

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Փաքիստան կը պատրաստուին նոր զօրավարժութիւններ իրականացնել։ Այս երեք երկիրներու բանակներու յատուկ ստորաբաժանումները նոր ռազմափորձ մը պիտի կատարեն յաջորդ սեպտեմբերին։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտնեց, որ համապատասխան որոշումը արդէն ընդունուած է։ Ներկայիս մասնագէտներու խումբ մը կը գտնուի Ատրպէյճանի մէջ, ստուգելու համար այն տարածքները, ուր պիտի ընթանան ռազմափորձերը։

Անցեալ շաբթուան մէջ, Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերը մասնակցութիւն բերած էին նաեւ «Անատոլուի արծիւ-2021» զօրավարժութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Քոնիայի մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021