ՆՈՒՐԲ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ առկայ լարուած յարաբերութիւնները սկսած են ուշադրութեան առարկայ դառնալ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը հրապարակեց՝ կրօնական ազատութիւններու մասին իր տարեկան զեկոյցը, որու բովանդակութեան մէջ եւս անդրադարձ կատարուած է այս խնդրին։ Հայկ է նշել, որ զեկոյցը կը վերաբերի աշխարհի շուրջ երկու հարիւր երկիրներու։

«Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանի հաղորդումներու հիման վրայ հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած են Հայաստանի վերաբերեալ բաժնին մանրամասնութիւնները, ուր տեղ յատկացուած է եկեղեցի-կառավարութիւն յարաբերութիւններու լարուածութեան, կրօնական փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն եւ այլն։ Ըստ զեկոյցին՝ Հայաստանի «Սահմանադրութիւնը կ՚արգիլէ կրօնի հիմքով խտրականութիւնը» եւ կը սահմանէ «կրօնական կազմակերպութիւններու» եւ պետութեան տարանջատումը։ Սահմանադրութեան մէջ կը ճանչցուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ որպէս ազգային եկեղեցի բացառիկ առաքելութիւնը «Հայաստանի ժողովուրդի հոգեւոր կեանքէն ներս ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ»։

Ամերիկեան կողմի տարեկան զեկոյցին մէջ նշուած է. «Կառավարութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները՝ ներառեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, հրապարակային քննադատական յայտարարութիւններ ըրած են իրարու հասցէին՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ կառավարութեան գործունէութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ քաղաքականութեան ներգրաւուածութեան հետ»։

Ըստ զեկոյցին՝ 2023 թուականի տեւողութեան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականները շարունակած են առանց սահմանափակումներու մասնակցիլ քաղաքացիական խօսոյթին, իսկ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կոչեր հնչեցուցած է վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականի մասին։ Պետական քարտուղարութեան զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ հետեւեալը.

«Սեպտեմբերի 19-20-ին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն գրեթէ բոլոր էթնիք հայերու հեռացումէն յետոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց հաւաքը հոկտեմբերի 3-ին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ քննադատելով Հայաստանի կառավարութեան վերաբերմունքը ստեղծուած իրավիճակին հանդէպ»։

Զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ, որ հակառակ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առարկութիւններուն՝ 2023 թուականի ուսումնական տարուան ընթացքին իշխանութիւնները սկսան աստիճանաբար հանել «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան պարտադիր դպրոցական ծրագրէն՝ փոխարէնը զայն ներառեցին՝ համապատասխան պատմական բովանդակութեամբ հայագիտական աւելի լայն ուսումնական ծրագրի մէջ։

Զեկոյցը, որ բաւական նուրբ վերաբերմունքով բանաձեւումներ կը բովանդակէ առկայ հարցերուն շուրջ, այս կէտին վրայ տեղ տուած է այլ մանրամասնութեան մը։ Այսպէս, «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի պարագային իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլը ողջունելի համարուած է Հայաստանի եզիտի համայնքի ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնց զաւակները եւս ստիպուած կը մասնակցէին այդ պարտադիր դասընթացքին։

Հարկ է նշել, որ զեկոյցը սահմանափակուած է 2023 թուականի իրադարձութիւններով, ուստի այնտեղ որեւէ արժեւորում կամ դիտարկում խնդրոյ առարկայ չէ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» ընդդիմադիր ալիքի մասին, որուն գլուխը կը գտնուի բարձրաստիճան եկեղեցական մը՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2024