ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՍՏԱՑՈՅՑ

«Ոտ­քի՛ Հա­յաս­տան» նա­խա­ձեռ­նու­թեան ան­դամ­նե­րը ե­րէկ փոր­ձե­ցին ցոյց մը ը­նել Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ։ Ծա­նօթ է, որ այս ցոյ­ցե­րու շար­քը սկսած է Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նի բարձ­րաց­մամբ եւ ցու­ցա­րար­նե­րը կը պա­հան­ջեն հա­մա­պա­տաս­խան ո­րոշ­ման յետս կո­չուի­լը։ «Ոտ­քի՛ Հա­յաս­տան»ի ան­դամ­նե­րը մտա­դիր էին նստա­ցոյց մը ի­րա­կա­նաց­նել հրա­պա­րա­կին վրայ, նաեւ նստա­ցոյ­ցը տե­ղա­փո­խել հրա­պա­րա­կի կեդ­րո­նը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հրա­պա­րա­կը շատ բա­նուկ կէտ մըն է, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը թոյլ չտուաւ այդ նստա­ցոյ­ցի ի­րա­կա­նաց­ման։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը նոյ­նիսկ մտա­դիր էին նստա­ցոյ­ցը տե­ղա­փո­խե­լու հրա­պա­րա­կի կեդ­րո­նա­կան հա­տուա­ծը։ «Ոտ­քի՛ Հա­յաս­տան»ի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ կ՚անց­նին աշ­խոյժ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հանգ­րուան եւ կը նա­խա­տե­սեն հրա­պա­րա­կին վրայ հեր­թով ի­րա­կա­նաց­նել նստա­ցոյ­ցեր, մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նի կարգ մը բա­նուկ փո­ղոց­նե­րուն մօտ եր­թե­ւե­կը ա­տեն-ա­տեն դի­տում­նա­ւոր ձե­ւով կա­ղաց­նե­լով։ Ցու­ցա­րար­նե­րը այս­պէ­սով կը նա­խա­տե­սէին հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւել, իսկ Ե­րե­ւա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ ա­տեն-ա­տեն վէ­ճեր ալ յա­ռա­ջա­ցան ցու­ցա­րար­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին, մա­նա­ւանդ վա­րորդ­նե­րուն մի­ջեւ։

«Ոտ­քի՛ Հա­յաս­տան»ի ան­դամ­նե­րէն Դա­ւիթ Սա­նա­սա­րեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին յայ­տա­րա­րեց, թէ ի­րենք ա­մէն ինչ պի­տի ը­նեն, որ­պէս­զի նստին Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կի կեդ­րո­նին։ Ան շեշ­տեց, որ ի­րենք պի­տի չեր­թան բա­խում­նե­րու։ Ըստ Սա­նա­սա­րեա­նի, ի­րենց նպա­տակն է ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­զե­կելն ու մար­դիկ ոտ­քի հա­նե­լը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2015