ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՉԻՆԱՍՏԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Փեքին՝ Չինաստանի Նախագահ Խի Ճինփինկի հրաւէրին ընդառաջ։ Իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 30-ը։ Իրեն կ՚ընկերանայ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուին նախարարներ, երեսփոխաններ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, գործարարներ եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ։ Հարկ է նշել, որ Էրտողան 2012 թուականին ալ այցելութիւն մը տուած էր Չինաստան, երբ տակաւին վարչապետ էր։ Անգարա-Փեքին առանցքին վրայ վերջին շուրջ տասը տարուան ընթացքին աշխոյժ երկխօսութիւն մը կ՚ապ-րըւի բարձր մակարդակի այցելութիւններու առումով։ Նոյն ժամանակաշրջանին կողմերու համագործակցութիւնը աստիճանաբար կը ստանայ ռազմավարական բնոյթ։
Ներկայ այցելութեան ընթացքին Էրտողան եւ իր չինացի պաշտօնակիցը կը քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները՝ բոլոր երեսակներով։ Բաց աստի, Էրտողան եւ Ճինփինկ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան այն բոլոր տարածքաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն շուրջ, որոնք մաս կը կազմեն երկու երկիրներու հետաքրքրութեան շրջագծին։
Ճինփինկի առընթեր, Էրտողան կը մէկտեղուի նաեւ Չինաստանի խորհրդարանի նախագահ Ժանկ Տեճիանկի եւ Վարչապետ Լի Քեթիանկի հետ։ Էրտողանի շփումներուն ծիրէն ներս Փեքինի մէջ կը կազմակերպուի նաեւ Թուրքիա-Չինաստան գործարար ֆորում մը։ Այս առթիւ երկու երկիրներու միջեւ կը ստորագրուին շարք մը համաձայնագրեր։
Փեքինի շփումները աւարտելէ վերջ, 30 Յուլիս-1 Օգոստոս թուականներուն ալ Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Էնտոնեզիա։