ԻՐԱՆ 1 - ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ 0

14 Յու­լի­սին Վիե­ննա­յի մէջ կնքուած Ի­րան-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր յաղ­թա­նակ մըն էր Ի­րա­նին հա­մար: Այդ օր Թեհ­րա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տօ­նախմբու­թիւն­նե­րը ձե­ւա­կան չէին: Ի­րան­ցի ժո­ղո­վուր­դը պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րէն դուրս գա­լու մա­սին լու­րե­րը առ­նե­լէ ետք «շունչ մը քա­շե­լո­վ» փո­ղոց կ­­՚իջ­նէր նշե­լու հա­մար այդ յաղ­թա­նա­կը: Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մո­ւհամ­մէտ Ժաուատ Զա­րիֆ, որ համ­բե­րա­տար եւ տաս­նեօթ օ­րե­րու (վեր­ջին փու­լը) վրայ եր­կա­րած մա­րա­թո­նա­յին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին իր երկ­րին հա­մա­ձայ­նա­կան «ա­յո»ն դ­նե­լէ ա­ռաջ, Վիե­ննա­յի իր ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կի պատշ­գա­մէն լրագ­րող­նե­րը ող­ջու­նե­լով կը յայտ­նէր, թէ հա­մա­ձայ­նու­թեան ստո­րագ­րու­թեան հա­մար քիչ ժա­մեր մնա­ցած են: Ժաուատ Զա­րիֆ նոր ո­րակ կը բե­րէր Ի­րա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քին: Ա­նոր տքնա­ջան ճի­գե­րը միաս­նու­թեան մթնո­լորտ մը կը պատ­րաս­տէին երկ­րին մէջ: Այս­պէս, Ի­րա­նի քա­ղա­քա­կան կեան­քի քու­լիս­նե­րու ե­տին, ոչ ոք կը խօ­սէր «պահ­պա­նո­ղա­կա­ն» կամ «բա­րե­կարգ­չա­կա­ն» հա­տուած­նե­րուն մա­սին: Բո­լո­րը կ­­՚ըն­դու­նէին, որ Զա­րի­ֆի Ի­րա­նին բե­րած այս յաղ­թա­կա­նը կը պատ­կա­նէր երկ­րի ամ­բող­ջու­թեան:

Տնտե­սա­կան կա­րե­ւոր տուե­լա­նե­րով ամ­րագ­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան ա­ռա­ջին փու­լի հանգ­րուա­նը ըն­թացք ա­ռած է: Եւ­րո­պա­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի ղե­կա­վար­ներ Թեհ­րան կը փու­թան տե­ղա­կան շու­կա­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր կա­պեր հաս­տա­տե­լու, հա­մա­ձայ­նագ­րեր կնքե­լու եւ պա­յ­­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներ ձեռք բե­րե­լու հա­մար: Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ կա­րե­ւոր է նաեւ նշմա­րել, որ Ի­րա­նի հետ երկ­խօ­սու­թեան մէջ մտած տէ­րու­թիւն­նե­րուն բա­ռա­պա­շա­րը եւս պի­տի փո­խուէր: Յետ այ­սու շրջա­նին մէջ հրթիռ, ռումբ, սու­զա­նաւ, զի­նա­ր­­շաւ կամ զօ­րա­վար­ժու­թիւն բա­ռե­րը (յատ­կա­պէս Ի­րա­նին ուղ­ղուած) տար­րա­կան փո­փո­խու­թեան պի­տի են­թար­կուէին: Ի­րան կը պատ­րաս­տուի իր «փա­կ» նաւ­թա­հան­քե­րը բա­նալ, իր տնտե­սա­կան ե­կա­մուտ­նե­րը փայ­լուն թի­ւե­րու բարձ­րաց­նե­լու հա­մար:

Ա­րա­բա­կան գետ­նի վրայ մինչ Ռիատ եւ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի ո­րոշ եր­կիր­ներ մին­չեւ այս պա­հը չեն հասկ­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան խոր­քա­յին ի­մաս­տը ու տա­կա­ւին կը տա­տամ­սին գնա­հա­տա­կան­ներ տալ ե­ղա­ծին: Մինչ Ռիատ ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն տա­րուած է Եէ­մէ­նի պա­տե­րազ­մով, ան­դին սիւն­նի աշ­խար­հի թիւ եր­կու հզօր տէ­րու­թիւ­նը՝ Թուր­քիան դի­ւա­նա­գի­տա­կան պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ մը կ­­՚ող­ջու­նէր կա­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը՝ յոյս յայտ­նե­լով, որ ան շրջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան կը ծա­ռա­յէ: Պէտք է նաեւ շեշ­տադ­րել, որ Ռիատ հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն օ­րեր ետք ծանր մի­ջամ­տու­թիամբ մը Ա­տէ­նէն բռնի ու­ժով կը հե­ռաց­նէր շիի-հուա­սի զի­նեալ­նե­րը: Եէ­մէ­նի երկ­րորդ կա­րե­ւոր քա­ղա­քը հա­մա­րուած Ա­տէ­նը կը դառ­նար նոր խո­րա­գիր ու հա­ւա­նա­բար սիւն­նի աշ­խար­հին հա­մար ար­ձա­նագրուած այդ կէ­տը կա­րե­ւոր միա­ւոր մը ըլ­լա­լու բո­լոր տուեալ­նե­րը ու­նի, յատ­կա­պէս, որ յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան Սըլ­ման թա­գա­ւո­րը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ «վերջ­նա­կան հա­շուե­տուու­թիւ­ն» պի­տի «պա­հան­ջէ» Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յէն:

Ա­մե­րի­կեան թե­ւին մօտ երկ­րի նա­խա­գա­հին գրան­ցած յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ Ի­րա­նի հետ լե­զու գտնե­լու ա­նոր խա­ղաո­ճը կրնանք ը­սել, որ յաղ­թա­կան միա­ւոր­ներ նուի­րեցին իր նա­խա­գա­հա­կան վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րը ապ­րող Օ­պա­մա­յին հա­մար: Թէեւ ոչ ոք կը պա­տկե­րաց­նէր, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը, որ Ի­րա­քի, Աֆ­ղա­նիս­տա­նի եւ յատ­կա­պէս Սու­րիոյ ճա­կատ­նե­րուն վրայ «յոգ­նու­թեա­ն» նշան­ներ ցոյց կու ­տար, պի­տի յա­ջո­ղէր ա­մե­րի­կա­յի հա­մար գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ե­րեք հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու հետ սե­ղա­նի գլուխ նստիլ: Ան Սպի­տակ տան մէջ կ՚ըն­դու­նէր Վիեթ­նա­մի Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեա­ն ղե­կա­վար Նա­կու­յէն Ֆու Թրոն­կը, ա­պա  Օ­պա­մա­յի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ բա­ցու­մը կը կա­տա­րուէր Ուա­շինկ­թը­նի մօտ Քու­պա­յի դես­պա­նա­տան, վերջ տա­լով յի­սուն տա­րի տե­ւած լուռ հա­կա­մար­տու­թեան հանգ­րուա­նի մը: Օ­պա­մա­յի քա­ղա­քա­կան ա­րե­ւե­լու­մին կա­րե­ւո­րա­գոյն յաղ­թա­նա­կը ան­կա­սա­կած, պի­տի հա­մա­րուի Ի­րա­նի հետ կա­յա­ցուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րը այս կեր­պով իր թէ­զե­րը գոր­ծի մղե­լով՝ աշ­խար­հին կ­­՚ու­զէր ը­սել, թէ նոյ­նիսկ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան հիմ­քով ստեղ­ծուած հա­կադ­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել երկ­խօ­սու­թեամբ:

Այս­տեղ պէտք է նաեւ նկա­տել, որ Ի­րան այ­սօր կը գտնուի անց­ու­մա­յին կա­րե­ւոր հանգ­րուա­նի մը մէջ: Եր­կի­րը ա­ռա­ջուան նման «փա­կ» տա­րածք մը չէ: Ի­րան կղզիա­ցած չէ, փրթած չէ աշ­խար­հէն ու այս մէ­կը կա­րե­ւո­րա­գոյն գրաւ մըն է Ա­րեւ­մուտ­քին, բայց մա­նա­ւանդ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն հա­մար, որ պի­տի փոր­ձէ տար­բեր հար­թակ­նե­րով, տար­բեր ան­կիւն­նե­րէ եւ տար­բեր հա­յացք­նե­րով մուտք գոր­ծել ու հաս­նիլ Թեհ­րա­նի ա­մե­նէն ար­մա­տա­կան հա­տուած­նե­րը:

Շիի հի­մունք­նե­րով կարծ­րա­ցած ի­րա­նեան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար ալ ետ­դարձ չկայ: Ա­նոնք յետ այ­սու պի­տի փա­փա­քին ապ­րիլ եւ ըն­դօ­րի­նա­կել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նա­կարգ կեն­ցա­ղով:

Սիւն­նի-շիի լուռ հա­կա­մար­տու­թեան ընդ­հա­նուր հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ Ի­րա­նի հա­սած կէ­տին ուժ­գին ար­ձա­գանգ­նե­րը տա­կա­ւին լսե­լի կրնան դառ­նալ Պաղ­տա­տի, Պէյ­րու­թի, բայց յատ­կա­պէս Դա­մաս­կո­սի մէջ, որ վեր­ջին շրջա­նին սիւ­ննի աշ­խար­հը Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին կա­պակ­ցու­թեամբ յստակ եւ օ­րի­նա­չափ մօ­տե­ցում­ներ չու­նի: Առ­կա­խուած ճա­կա­տում­ներ, յե­տաձ­գուած մար­տեր եւ ա­րիւն­հո­սող դի­մադ­րա­կան ջո­կատ­ներ: Միակ կա­յու­նը եւ օ­րա­կարգ թե­լադ­րո­ղը կը մնայ ISIS-ը (Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն), ո­րուն Թուր­քիոյ հետ ու­նե­ցած ըն­դա­հան­րու­մը ու­նի բազ­մա­պի­սի շեր­տեր:

Թուր­քիա արդէն հե­տա­մուտ է մա­հա­ցու հա­րուած մը տա­լու նաւ­թով տնտե­սա­կան մեծ հարս­տու­թիւն դի­զած ISIS ա­հա­բեկ­չա­կան շար­ժու­մին: Այլ ա­ռու­մով Ի­րա­նի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը հիմ­նո­վին տար­բեր են Մի­ջին Ա­րեւլ­քի մէջ ու այս մէ­կը բնա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է: Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Ի­րան ո­րո­ղիչ հիմ­նա­կան դե­ր ս­տանձ­նած են շրջա­նին մէջ եւ ո­րե­ւէ տագ­նա­պի ա­ռըն­թեր ա­նոնց մի­ջեւ ըլ­լա­լիք սա­կար­կու­թիւն­ները կրնան նոր լու­ծում­նե­րու հանգ­րուան մը բա­նալ:

Իսկ թէ ո՞վ պի­տի ըլ­լայ այն ա­մե­րի­կա­ցի գոր­ծի­չը, որ ան­ձամբ Թեհ­րան ժա­մա­նե­լով պի­տի կա­տա­րէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Թեհ­րա­նի մօտ դե­սպա­նա­տան վե­րա­բա­ցու­մը, դեռ յայտ­նի չէ: Յստակ է միայն, որ հա­կա­մար­տու­թեան գրե­թէ քա­ռա­սուն տա­րի տե­ւած ա­ղօտ եւ յա­ճախ թու­նա­ւոր ե­րանգ­ներ ու­նե­ցող «թշնա­մու­թեա­ն» հանգ­րուա­նը կը պատ­կա­նի ան­ցեա­լին:

Թեհ­րան խա­ղին օ­րէնք­նե­րը լաւ գի­տէ եւ գի­տէ նաեւ, որ ա­ռանց իր ազ­դու մօ­տե­ցում­նե­րուն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ «ոչ մէկ տե­րեւ պի­տի շար­ժի»: Առ­նուազն յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն հա­մար: Խնդի­րը ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին միա­ցեալ կե­ցուածք եւ ո­րո­շում ու­նե­նա­լու բա­ցա­կա­յու­թեան հարցն է: Ա­րաբ­նե­րը այ­սօր սուր տագ­նա­պի մէջ են: Ընդ­հա­նուր խա­ղի ա­ռա­ջին կի­սա­խա­ղը ա­ւար­տած է, իսկ ար­դիւն­քը՝ Ի­րան 1 եւ ա­րա­բա­կան աշ­խարհ 0:

Իւ­րա­քան­չիւր կի­սա­խա­ղէ ետք բո­լոր կող­մե­րը նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ նոր հա­շուարկ­նե­րու գու­մա­րում­նե­րը կ՚ը­նեն: Ա­նոնք խա­ղին հա­մար պատ­րաս­տու­թիւն­ներ կը տես­նեն: Հի­մա շրջա­նը այդ հանգ­րուա­նին մէջն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2015