ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՎՏԱՐՈՒՄ
Այսօր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կը գումարուի Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին ժողովը։ Առաջին անգամ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի կ՚ունենայ նստաշրջանը, որու մասնակիցները այս առաւօտ այցելեցին Մեծն Աթաթիւրքի Յուշադամբանը։ Յուլիս 15-ի ձախող պետական հարուածին կը յաջորդէ այս ժողովը, որ ունի բացառիկ նշանակութիւն։ Այդ նոյն պատճառով ալ սովորականէն շուրջ շաբաթ մը առաջ կը գումարուի խորհուրդը։
Երէկ, այսօրուան ժողովին ընդառաջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար ունեցան խորհրդակցութիւն մը։ Պեշթեփէի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ այս երկարատեւ խորհրդակցութիւնը՝ աւելի քան հինգ ժամ։
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի ժողովէն օր մը առաջ, երկրէն ներս հաստատուած արտակարգ դրութեան ծիրին մէջ 1684 հոգի դուրս թողուեցաւ բանակի շարքերէն։ Այս լայնածաւալ վտարումը կ՚ընդգրկէ նաեւ շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներ։ Այսպէսով Թուրք զինեալ ուժերէն թափով կ՚արտաքսուին ձախող պետական հարուածին մասնակցած հերձատիրական խումբին անդամները։ Պաշտօնական աղբիւրները երէկ հրապարակեցին ուշագրաւ վիճակագրական տուեալներ, ըստ որոնց Յուլիսի 15-ի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին ժամանակ օգտագործուած են՝ 3 ռազմանաւ, 35 ռազմաօդանաւ, 37 զինուորական ուղղաթիռ եւ 246 զրահապատ ինքնաշարժ։ 8 հազար 651 զինուորական մասնակցած է Յուլիսի 15-ի գիշերուան դէպքերուն, ինչ որ կը համապատասխանէ զինեալ ուժերու ընդհանուր անձնակազմի հազիւ 1.5 տոկոսին։
Մինչ կը շարունակուի ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցին հետաքննութիւնը, անոր կողմէ վերահսկուած զանազան զանգուածային լրատուութեան միջոցներ ալ փակուեցան՝ արտակարգ դրութեան տնօրինութիւններուն շրջագծով։
Միւս կողմէ, Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Անգարա յաւելեալ փաստաթուղթերու թղթածրար մը ներկայացուցած է Ուաշինկթընին՝ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի ձերբակալման պահանջով։ Իր կարգին, Էրտողանն ալ կապ կը պահէ իր զանազան օտարերկրեայ պաշտօնակիցներուն հետ, որոնք փափաքած են իրենց զօրակցութիւնը յայտնել ի նպաստ Թուրքիոյ։ Այդ ամբողջին մէջ նախագահը հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։