«ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ» ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայկական PR» մրցանակաբաշխութիւնը։ Արդիւնքներու հրապարակման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։

Հաւաքոյթի ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը հռչակուած է Հայաստանի մէջ տարուան լրատուամիջոցը։ Գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան համապատասխան վկայականը ստացաւ՝ ձեռամբ Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Նաղաշ Մարտիրոսեանի։ Այս պար-գեւատրումը զուգադիպեցաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանի նախօրեակին։ Հաւաքոյթի ընթացքին Արամ Անանեան ընդգծեց, որ սոյն մրցանակը գործակալութեան ամբողջ խումբի աշխատանքին արդիւնքն է եւ դատակազմի անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր գնահատականին համար։

Մրցանակաբաշխման հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը եւ հնչեցին զանազան ելոյթներ։

Սոյն մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպուած է «Beeline» ընկերութեան աջակցութեամբ։

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2017