ԱՂԻՏԱԼԻ ՎԻՃԱԿ

Երէկ, երեկոյեան ժամերուն տեղատարափն ու սաստիկ կարկուտը բառին բուն իմաստով գերեվարեցին Իսթանպուլն ու մօտակայքը։ Ինն օր առաջուան տեղատարափէն վերջ դարձեալ աղիտալի կացութիւն մը ստեղծուեցաւ քաղաքին մէջ։ Սա երկրորդ մղձաւանջն էր, որ կաթուածահար ըրաւ առօրեան եւ որու պատճառով ժողովուրդը դիմագրաւեց ծանր հետեւանքներ։

Յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ հետզհետէ խաւար մը տիրել սկսաւ քաղաքին վրայ, իսկ ժամը շուրջ 18.00-ին սկսան տեղատարափն ու կարկուտը։ Շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին ամէն ինչ եղաւ տակն ու վրայ։ Փոխադրամիջոցները կանգ առին, ծառեր եղան արմատախիլ, ճանապարհները ու պողոտաները վերածուեցան գետի հունի՝ մինչ փոթորիկն ալ եկաւ աւելնալ այդ բոլորին վրայ։ Ֆէրիգիւղի մէջ լատին կաթոլիկներու գերեզմանատան պատը կքեցաւ եւ այս պատճառով եղան վիրաւորեալներ։

Այս բոլորէն վերջ Իսթանպուլի մէջ խաղաղեցաւ ջրհեղեղի մթնոլորտը, մինչ պատկան մարմինները թափով աշխատանք տարին հետեւանքները յաղթահարելու եւ կեանքը բնականոն հունին վերադարձնելու համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2017