ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպի աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան։ Երէկ, հիւր նախարարը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի կողմէ։ Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ցախի Հանեկպիի Երեւան կատարած այցելութեան շուրջ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան, որ ըսաւ. «Իսրայէլ պատրաստ է զինուորական սարքաւորումներ վաճառել նաեւ Հայաստանին, իսկ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու պատճառը չէ Հայաստանի դէմ թշնամութիւնը»։ Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին փոխ-նախարարը յիշեցուց, որ այս հարցին շուրջ Թել Աւիւի դիրքորոշումը հրապարակայնօրէն բարձրաձայնուած է մէկէ աւելի անգամներ։ «Անոնք պատրաստ են զէնք վաճառելու ոեւէ մէկուն, ներառեալ Հայաստանին», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։ Իսկ արդեօք Հայաստան երբեւէ վարա՞ծ է նման բանակցութիւններ։ Ի պատասխան՝ Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Այս հարցը այլ նախարարութեան ուղղուած է»։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ փոխ-նախարարը մատնանշեց, որ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի եւ Իսրայէլի ժողովուրդներուն միջեւ կան մեծ ընդհանրութիւններ, սակայն կան նաեւ կնճռոտ հարցեր։ «Կարեւորը անոնցմէ չհեռանալն է, այլ բանակցութիւններու ճանապարհով լուծելը», ըսաւ Քոչարեան։

Կառավարութեան նիստին յաջորդած յայտարարութիւններուն մէջ Շաւարշ Քոչարեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ Ըստ իրեն, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպման մը վերաբերեալ վերջնական որոշում տա-կաւին չկայ։ Ան վերահաստատեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկած են նախագահներու հանդիպում մը կազմակերպելու առաջարկով։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի միջեւ հանդիպում մը նախատեսուած է յառաջիկայ Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլին։ ԵԱՀԿ-ի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ եւս վերջերս խօսեցաւ Նալպանտեան-Մամէտեարով մօտալուտ տեսակցութեան մասին եւ աւելցուց, որ նախարարներու հանդիպումէն վերջ հաւանաբար նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին կողմերու միջեւ աւելի բարձր՝ բարձրագոյն մակարդակի վրայ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու առաջադրութեամբ։ Ռուս դիւանագէտի համոզմամբ, ամենակարեւորը երկխօսութեան աշխուժութեան պահպանումն է եւ ապահովել, որպէսզի կողմերը դիմակայութեան չդիմեն, որովհետեւ այդ պարագային պիտի խախտուի տարածքաշրջանէ ներս ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Լուքաշեւիչ ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ մտադիր են իրենց ջանքերը աւելի խտացնելու համար։   

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2017