LGS-Ի ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԴԱՏԱԿԱՆ ԴԻՄՈՒՄ

Լիսէներու մուտքի քննութիւնը (LGS) այս տարի խնդրայարոյց վիճակ մը ստեղծած է փոքրամասնութեանց վարժարաններու աշակերտներուն համար։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած քննութեան արդիւնքին 30 յուլիսին հրապարակուիլը կը նախատեսուի, մինչ այդ այս քննութեան պարագային ծագած անարդարութիւններու բերումով կատարուած է դատական դիմում մը։ Հրեայ արմատներով աշակերտի մը ծնողը դիմած է Իսթանպուլի վարչական ատեան՝ որպէսզի Վճռաբեկ ատեանը քննարկէ ստեղծուած կացութիւնը, կասեցնէ գործադրութիւնը եւ ջնջէ առնուած քայլը։

Փոքրամասնութեանց վարժարաններու աշակերտները թէեւ զերծ են կրօնի գիտութեան դասէն, սակայն LGS-ի նիշերու հաշիւը այնպէս մը կատարուած է, որ կարծես՝ անոնք զերծ չեն այդ դասէն ու համապատասխան հարցումներէն։

Հարկ է նշել, որ մինչեւ անցեալ տարի փոքրամասնութեանց վարժարաններու աշակերտներուն այլընտրանքային հարցումներ կ՚ուղղուէին այս առումով, իսկ այդ նախընթացը փոխուած է։ Ընդհանրապէս առկայ կացութիւնը անարդար մրցակցութեան պայմաններ կը ստեղծէ փոքրամասնութեանց վարժարաններու աշակերտներուն տեսակէտէ, ինչ որ վերջին շրջանին հետզհետէ կը զբաղեցնէ հանրային կարծիքի օրակարգը։

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի հաղորդումներով, դատարան դիմած աշակերտի ծնողը շեշտած է, որ դատ բանալէ առաջ աղերսագիր մը ներկայացուցած է Ազգային կրթութեան նախարարութեան, տեսակցած է իրաւասուներու հետ Անգարայի մէջ, սակայն այդ բոլորը մնացած են ապարդիւն։

Շաբաթ, Յուլիս 28, 2018