«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ»Ի «ԽՕՍՔ ԱՌ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը հրապարակեց «Խօսք առ» մրցանակին արդիւնքները։ Անցեալ ապրիլին այս մրցոյթը կազմակերպուած էր քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը, եզակի իր տեսակին մէջ։ Այս ծրագրին շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայախօսներ հրաւիրուեցան ներկայացնելու զանազան տեսակի նորարար լսատեսողական եւ գրաւոր ստեղծագործութիւններ, որոնք կը մղեն հայերէնով մտածելու եւ հայերէնով արծարծելու՝ մարդկութեան այժմու հրատապ օրակարգի հիմնախնդիրները։

Մրցոյթին ներկայացուեցան 18 երկիրներէ 165 դիմումներ՝ զանազան ձեւաչափերով։ Շարժանկարէ եւ երաժշտութենէ սկսեալ, մինչեւ երգիծանք, ծաղրանկար եւ գրականութիւն կամ տեսահոլովակ՝ արտադրութիւնները տեսակաւոր էին։ Ամենաերիտասարդ դիմողը 8 տարեկան էր, իսկ ամենատարեցը՝ 83։ 7 հոգիէ բաղկացեալ ներքին յանձնախումբը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ արժեւորեց բոլոր դիմումները եւ որոշեց յատկացնել 60 մրցանակ։ Նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ էին որակեալ դիմումները՝ նախատեսուած 50-ի փոխարէն տրուեցաւ 60 մրցանակ։ 25 մրցանակ շնորհուեցաւ Հայաստանէն դիմողներու, իսկ 35 մրցանակ ալ տրուեցաւ սփիւռքէն դիմողներու համար։ Սա կը համապատասխանէ դիմողներու ընդհանուր քանակի յարաբերակցութիւնը։

«Խօսք առ» մրցանակի հիմնական նպատակն էր խթանել ամէն տարիքէ, զանազան հետաքրքրութիւններով մարդոց հայերէնով մտածելը եւ լեզուի ստեղծագործ օգտագործումը զանազան ձեւաչափերով։ Գնահատականի հիմնական չափանիշները եղած են՝ ներկայացուած գործին կարողականութիւնն ու այնտեղ արտայայտուած միտքերու թարմութիւնը։ Լիզպոնի աղբիւրները յատկապէս ուրախութիւն կը յայտնեն, թէ մեծ թիւով երիտասարդներ դիմած են այս մրցանակին տիրանալու համար՝ իրենց ստեղծագործ աշխատանքով, ուր հիմնական արտայայտչամիջոցը հայերէնն էր։ Կազմակերպիչները նոյնպէս ուրախ են տեսնելով, թէ շնորհիւ այս մրցանակին կը գոյանայ հայերէնով ստեղծագործելու փափաք մը, հայ երիտասարդ եւ ստեղծագործ միտքեր կը սկսին փնտռել իրենց նմանները եւ կը ձգտին կապ հաստատելով կորիզ մը ձեւաւորել։ Ուստի, նախաձեռնարկները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր մասնակիցներուն, շնորհաւորութիւններով հանդերձ։

Այս կապակցութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ հրապարակուած են «Կիւլպէնկան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի կայքէջին վրայ։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020