«ՀԱՆՆԱ» ՓՈԹՈՐԻԿԸ ՊԱՏՃԱՌ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄՆԵՐՈՒ

«Հաննա» փոթորիկը կործանած է Թրամփի պատի մէկ հատուածը Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիկայի սահմանին վրայ։

Այսպէս, «Հաննա» փոթորկի հարուածը քանդած է այն պատի մէկ հատուածը, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիկայի սահմանին վրայ կառուցուած էր անօրինական գաղթականները զսպելու համար: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այդ մասը տեղակայուած էր ամերիկեան Թեքսասի նահանգի եւ մեքսիկական Թամաուլիպասի նահանգի սահմանին, այն կառուցուած էր մասնաւոր միջոցներով: Աւելի առաջ՝ յուլիսին փորձագէտներ քննադատութեան ենթարկած էին արգելափակոցի որակը այդ մասին եւ նախազգուշացուցած, որ այն կրնայ փուլ գալ Ռիօ-Կրանտէ գետի մէջ: Բացի այդ, այս մասը նախապէս ալ նկատուած էր փորձանարար: Մինչ պաշտօնական ցանցերու վրայ յայտնուած էին լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՚երեւի, թէ ինչպէս քամիի փոթորկալի հարուածներու ներքոյ եւ սաստիկ անձրեւի ժամանակ կը քանդուին պատի մի քանի բաժինները։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020