ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ 3 ՕՐԷ Ի ՎԵՐ ԽՏԱՑԵԱԼ ԽՆԱՄՔԻ ՏԱԿ ԱՌՆՈՒԱԾ ՀԻՒԱՆԴ ՉԿԱՅ 21 ՔԱՂԱՔԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ վերջին երեք օրերու ընթացքին Թուրքիոյ 21 քաղաքներու մէջ խտացեալ խնամքի տակ առնուած հիւանդ չէ եղած քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ երկրէն ներս 45 հազար 283 քննութիւն կատարուեցաւ եւ ստուգուեցաւ 919 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 17 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 982։ Ներկայ դրութեամբ 1263 հիւանդ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի, արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ վարակեալներու թիւն է՝ 392։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա ընդգծեց, որ վերջին երեք օրուայ ընթացքին խտացեալ խնամքի տակ առնուած հիւանդներու տոկոսը ամենաշատ բարձրացած է Իսթանպուլի, Անգարայի, Քոնիայի, Կազիանթէպի եւ Տիարպաքըրի մէջ։ Այդ համեմատութիւնը ամենանուազ մակարդակի վրայ մնացած է՝ Սեբաստիոյ, Սպարթայի, Մուղլայի, Պալըքէսիրի եւ Պայպուրթի մէջ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԿԵՊՐԷՅԷՍՈՒՍ

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Կեպրէյէսուս յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ քորոնաժահրի համաճարակը կը սաստկանայ։ Վերջին վեց շաբթուան ընթացքին վարակուածներու թիւը գործնականօրէն կրկնապատկուած է՝ մօտենալով 16 միլիոնի։ Մահացածներու թիւն ալ գերազանցած է 640 հազարը։ Ժընեւի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Կեպրէյէսուս յայտնեց, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ իրավիճակներու կոմիտէն այս օրերուն ժողով մը պիտի գումարէ։ «Մենք շատ բան սորվեցանք եւ տակաւին շատ բան պիտի սորվինք», ըսաւ Կեպրէյէսուս եւ կրկնեց, որ փոխուած է աշխարհը։ Ըստ իրեն, այժմ եւս քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի համար անհրաժեշտ կը համարուին շարք մը հանգուցային գործօններ. ինչպէս՝ քաղաքական յառաջատարութիւն, համայնքերու իրազեկում եւ պայքարի մասնակցութիւն եւ զանոնք լսելու ընդունակութիւն։ Ան աւելցուց, որ ներկայ համաճարակը ամենալուրջն է այն համաշխարհային արտակարգ իրավիճակներու շարքին, որոնք երբեւէ յայտարարուած են Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ։ Կեպրէյէսուս խոշոր վարակումներէ խուսափած եւ համաճարակը վերահսկողութեան տակ առած երկիրներու շարքին թուարկեց Աւստրալիան, Վիեթնամը, Գերմանիան, Քամպոտիան, Գանատան եւ Չինաստանը։ Ըստ իրեն, համաճարակի ծաւալման դէմ պայքարի առանցքային միջոցներ կը մնան դէպքերու յայտնաբերումը, վարակեալներու եւ անոնց հետ շփուածներու մեկուսացումը, քննութիւնները եւ բուժումը։ «Պահպանեցէք ֆիզիքական հեռաւորութիւնը, լուացէք ձեռքերը, խուսափեցէք մարդոց կուտակուած վայրերէն ու փակ շէնքերէն, կրեցէք դիմակ՝ ուր որ յանձնարարուած է», ըսաւ Կեպրէյէսուս։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020