ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՀԵՂԵՂՆԵՐԸ

Հնդկաստանի արեւելքին աւելի քան 100 մարդ զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Այսպէս, Հնդկաստանի արեւեքին եւ հիւսիս-արեւելքին հեղեղներու պատճառով զոհուածներու թիւը աւելցած է տասնով ու հասած՝ 110-ի։ «Արմէնփրէս»ի համաձայն, Հնդկաստանի Ասամ հիւսիս-արեւելեան նահանգի տարերային աղէտներու հետեւանքներու դէմ պայքարի վարչութեան տուեալներով՝ տարածքաշրջանին մէջ մուսոնի անձրեւներու հետեւանքով Պրահմափուտրա գետի վարարման յարուցած հեղեղումներու պատճառով տարածքաշրջանին մէջ մէկ օրուան մէջ զոհուած է երեք բանկիչ։

Յուլիսի սկզբէն ի վեր այնտեղ զոհուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 103-ի:

Այդ ժամանակամիջոցին Ասամի մէջ տարերքի հարուածէն տուժածներու քանակը հասած է երկուքուկէս միլիոնի։ Հեղեղումները վնաս պատճառած են 2265 գիւղական բնակավայրերու նահանգի 33 շրջաններէն 23-ին մէջ:

Հարիւր հազարաւոր մարդիկ տարահանուած են հեղեղներու գօտիէն եւ տեղաւորուած՝ 457 ժամանակաւոր ճամբարներու մէջ: Պիհարի արեւելեան նահանգին մէջ կը շարունակուի Կանկէս գետի վարարումը: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին հեղեղները այնտեղ պատճառ դարձած են եօթ հոգիի մահուան։

Յուլիսին Պիհարի մէջ հեղեղներէն տուժածներու ընդհանուր թիւը հասած է մէկուկէս միլիոնի: Հնդկաստանի ռազմաօդային ուժերու ուղղաթիռները մարդասիրական օգնութիւն կը հասցնեն նահանգի տուժած շրջաններու բնակիչներուն: Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի նախընթաց օր ազգին յղած ուղերձին մէջ ընդգծած է, որ երկրի կառավարութիւնը Ասամի եւ Պիհարի բնակչութեան կ՚օգնէ բոլոր հնարաւոր միջոցներով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020