ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԱՆՁԱՄԲ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՓՈՐՁԸ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ

Երէկ կէս գիշերուան դրութեամբ Ուքրայնոյ արեւելքին սկսաւ լիակատար հրադադարի գործադրութիւնը։ Այսպէս, հերթական անգամ կը փորձուի հրադադար հաստատել այս լարուած տարածքաշրջանէն ներս, ուր բախումները չեն դադրիր։ Մարտական գործողութիւններուն վերջ տալու վերաբերեալ որոշումը համաձայնեցուցած են Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։

Ուքրայնայի բանակի եւ երկրի արեւելեան շրջաններու ռուսամետ զօրքերուն միջեւ նախապէս ալ հրադադարի համաձայնութիւն գոյացած էր, սակայն գործադրութիւնը կատարեալ չէր եղած։ Այս անգամուանը առաջին հրադադարն է, որ կ՚երաշխաւորուի անձամբ երկու նախագահներուն կողմէ։ Հրադադարի մեկնարկի փուլին Փութին եւ Զելենսքի ունեցած էին նաեւ հեռախօսազրոյց մը։

2014 թուականին սկսած Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան ընթացքին ընդհանուր հաշուով աւելի քան  13 հազար հոգի զոհուած է։ Անցեալ տարի Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ տեղի ունեցած էր գերիներու փոխանակում։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020