ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Փաքիստան խորհրդարանի նախագահներու մակարդակին վրայ երէկ հռչակագիր մը ընդունեցին Պաքուի մէջ։ Այսպէս, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ երէկ Պաքուի մէջ մէկտեղուեցաւ Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի նախագահ Սապիհա Կաֆարովայի եւ Փաքիստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ասատ Քաիսէրի հետ։ Երեք խորհրդարանի նախագահները գագաթաժողով մը իրականացուցին Պաքուի մէջ, ուր հանդէս եկան նաեւ համանուն հռչակագրով մը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մուսթաֆա Շենթոփ Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը բնորոշուին բարեկամութեան եւ եղբայրութեան հասարակաց յայտարարին վրայ։ Ըստ իրեն, երեք երկիրներու խորհրդարանի նախագահները նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկած են Պաքուի մէջ։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին այդ նախաձեռնութիւնը համատեղ ջանքերով պիտի հասուննայ, որպէսզի միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի հարստանայ շօշափելի ծրագիրներ կեանքի կոչելով։ Ըստ Մուսթաֆա Շենթոփի, Ատրպէյճան, Փաքիստան եւ Թուրքիա մերձաւոր աշխարհագրութեան վերաբերեալ վաղեմի խնդիրներու լուծման համար իրենց վրայ պատասխանատուութիւն կը զգան եւ քաղաքական խնդիրներու առընթեր, պաշտպանութեան, փոխադրութեան, տարածքաշրջանային փոխադարձ կապերու, առեւտուրի, ուժանիւթի, կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտէն ներս համատեղ գործունէութիւն ծաւալելու մտադրութիւնով հանդէս կու գան։

Մուսթաֆա Շենթոփ նշեց, որ պատերազմէ յաղթական դուրս գալէ վերջ Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար կոչ ուղղած է Հայաստանին։ Ան յաջողութիւն մաղթեց այս գործընթացին համար եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի կողմէ բարեացակամ ու շինիչ հասկացութիւնով այս կոչին փոխադարձելը ամենաճիշդ քայլը պիտի ըլլայ։ Ըստ Շենթոփի, Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի արտահերթ ընտրութենէն վերընտրուելով դուրս եկած է, հակառակ պատերազմի մէջ կրած պարտութեան։ Ուստի, իր կողմէ ստորագրուած փաստաթուղթերու գործադրութեան արագացման սպասումին մէջ է թրքական կողմը։ «Այդ քայլը եթէ իր կողմէ անկեղծութեամբ առնուի, ապա Թուրքիան ալ նոյն հասկացութիւնով պիտի փոխադարձէ», նշեց Մուսթաֆա Շենթոփ Պաքուի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021