ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԿԱՆ ԶՈՀԵՐ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը հասած է գագաթնակէտին եւ դժբախտաբար հետզհետէ կ՚արդարանան ամենավատ ակնկալութիւնները։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ գիշեր եւ այս առաւօտեան ժամերուն մարտական գործողութիւններ ծաւալուած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժայի հատուածին համապատասխանած շրջաններէն ներս տեղի ունեցած են ծանր բախումներ, որոնց հետեւանքով կողմերը ունին կորուստներ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հայկական կողմը ունի երեք զոհ, նաեւ վիրաւորուած է երկու զինուոր։ Ատրպէյճան առայժմ կը հաղորդէ, որ իր զօրքերէն կայ երկու վիրաւոր։

Երէկ գիշեր, ժամը 03.40-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները հերթական անգամ դիմած են սադրանքի եւ խախտած են հրադադարը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածէն ներս։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, ծաւալուած են տեղային մարտեր, որոնք այս առաւօտ ժամը 07.00-ի դրութեամբ կը շարունակուէին։ Սկզբնական տուեալներով, մարտական գործողութիւններու հետեւանքով երկու կողմէն ալ կան կորուստներ։ Տուեալները վերջնականօրէն առայժմ կը ճշգրտուին։ «Իրադրութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան», յայտարարուած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախա-րարութեան հրապարակումներուն մէջ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, աւելի ուշ նախարարութիւնը ուրիշ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ եւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճան Մոսկուայի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ նախայարձակ մարտական գործողութիւններու ձեռնարկած է Հայաստանի սահմաններուն դէմ՝ Սոթքէն մինչեւ Վերին Շորժայի հատուածէն ներս։ Ծաւալուած են մարտական գործողութիւններ եւ կ՚ընթանայ խտացեալ փոխհրաձգութիւն։ «Ատրպէյճան կը փորձէ բարելաւել իր յենակէտերը՝ ստեղծելով բարենպաստ պայմաններ յառաջխաղացման համար։ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրները, կ՚իրականացնեն իւրային դիրքերու պաշտպանութիւն, թոյլ չտալով յառաջխաղացման։ Ժամը 07.30-ի դրութեամբ ունինք երկու վիրաւոր, եւս հինգ զինուորականի վերաբերեալ տուեալները կը ճշգրտուին», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Ժամ մը անցաւ, այս առաւօտ 08.30-ի դրութեամբ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հայկական կողմը ունի երեք զոհ եւ երկու զինուորական վիրաւորուած է։ Մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին։

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ պնդեց, թէ հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կէսգիշերէն քիչ անց գնդակոծած են իր դիրքերը Քելպեճերի շրջանէն ներս։ Վիրաւորուած է ատրպէյճանցի երկու զինուորական։ Պաքուի պաշտօնական հաղորդումներով՝ Ատրպէյճան համարժէք միջոցներ կը կիրարկէ այս բոլորին դէմ։

Սահմանի այս լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ հայկական կողմը ի գործ կը դնէ իր ռազմաքաղաքական ամբողջ գործիքակազմը։ Այսպէս, իր տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուժի կիրառման ի պատասխան Հայաստանի Հանրապետութիւնը գործի կը դնէ միջազգային իրաւունքով իրեն վերապահուած ռազմաքաղաքական ամբողջ գործիքակազմը։ «Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք մայիսի 12-էն ի վեր ներթափանցած Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները յուլիսի 28-ին, ժամը 03.40-ի սահմաններուն յարձակման ձեռնարկած են սահմանի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Որպէս հետեւանք ծաւալուած են տեղային մարտեր։ Ըստ սկզբնական տուեալներու, կան մարդկային կորուստներ», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ։

Երեւանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը յատկանշական կը նկատէ, որ Ատրպէյճան կ՚ընթանայ իրավիճակը միտումնաւոր սրելու ճանապարհով այն պայմաններու ներքեւ, երբ կը շարունակուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս իր զինեալ ուժերու ապօրինի ներկայութիւնը եւ երբ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը հիմնաւորէ նմանօրինակ գործողութիւնները Հայաստանի հանդէպ տարածքային եւ պատմական պահանջներու առաջադրմամբ։

«Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուժի կիրառման ի պատասխան Հայաստանի Հանրապետութիւնը ի գործ կը դնէ միջազգային իրաւունքով վերապահուած իր ռազմաքաղաքական ամբողջ գործիքակազմը։ Խստօրէն կը դատապարտենք տարածքաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան դէմ ուղղուած Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւնները։ Իրադրութեան ապագայ սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան», նշուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան այս առաւօտ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ ժամը 09.20-ի դրութեամբ ալ տեղեկացուցին, որ հայկական դիրքերու վրայ յարձակման նախաձեռնած Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները արդէն ետ քաշուած են իրենց ելման դիրքերը։ Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ փոխադարձ հրաձգութիւնը կը շարունակուի սահմանին վրայ։

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի լարուածութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր մտահոգութեան առարկայ է եւ դժբախտաբար ցարդ կարելի չէ եղած որեւէ զսպման կամ նախազգուշական միջոց ձեռք առնել։ Այս օրուան դէպքերէն առաջ, երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արշակ Կարապետեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Արշակ Կարապետեան իր նշանակումէն վերջ նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Սերկէյ Շոյկուի հետ, իսկ երէկ արդէն ուղղակի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է երկու նախարարներուն հանդիպումը։ «Ինթերֆաքս» գործակալութեան հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման վերաբերեալ սահմանափակ մանրամասնութիւններ հրապարակուած են։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ օրակարգի վրայ եկած են փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ նիւթեր։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նախընթաց օր Պաքուի կողմէ մեղաթրանքներ հասցէագրած էր Երեւանին՝ պնդելով, որ այս վերջինը ապակառուցողական դիրքորոշում մը որդեգրած է։ Ի պատասխան, երէկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճան կը խոչընդոտէ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան մակարդակով հրապարակուած եռակողմանի յայտարարութիւններու իրականացումը։

Վերջին օրերուն Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուցած էր սահմանի լարուած իրադրութեան շուրջ։ Վերին Շորժա, Սոթք եւ Երասխ գիւղերու հարեւանութեամբ տեղի ունեցած բախումներուն կապակցութեամբ Արման Թաթոյեան շեշտած էր, որ Ատրպէյճանի կրակոցները բնակավայրերու հարեւանութեամբ կը խախտեն քաղաքացիական բնակիչներու կեանքի իրաւունքը։ Մարդու իրաւանց պաշտպանի այս ահազանգներուն առընթեր, վերջին օրերուն Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին ալ այցելած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը։ Ամերիկացի դեսպանը շփումներ ունեցած էր սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս՝ մասնաւորապէս գտնուելով Վերին Շորժայի մէջ։ Ներկայիս արդէն հրաձգութիւններն ալ խտացած են այս իսկ հատուածէն ներս։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021