ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը, որով ոգեկոչուեցաւ հոգելոյս մաէսթրօ Յարութիւն Թոփիկեանի 70-ամեակը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը այս առթիւ հանդէս եկաւ փայլուն համերգով մը՝ Քրիստինա Ոսկանեանի մականին ներքեւ։ Երգչախումբի հիմնադիր, երկարամեայ գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Յարութիւն Թոփիկեանի 70-ամեակը նշանաւորուեցաւ այս համերգով։ Յայտագրի ընթացքին հնչեցին մեծն Կոմիտասի, Տիգրան Մանսուրեանի, Երուանդ Երկանեանի, Դաւիթ Հալաճեանի, Գրիգոր Առաքելեանի ստեղծագործութիւնները։

Երգչախումբի տնօրէն Ուիլիըմ Ուայնէր այս առթիւ յայտնեց, որ մաէսթրօ Յարութիւն Թոփիկեանի մասին կարելի է անվերջ խօսիլ՝ որպէս մարդ, մասնագէտ, խմբավար ու բարեկամ։ «Ան շատ վառ անձնաւորութիւն մըն էր։ Նոյնիսկ այսօր կը շարունակեմ ներկայ ժամանակով խօսիլ իր մասին։ Կորուստը չափազանց մեծ է, հարուածը ուժեղ էր եւ մեր խնդիրն էր հաւաքուիլ, ըլլալ կուռ, միասնական, որպէսզի այն ինչ որ ստեղծեց մաէսթրոն, շարունակէ իր կեանքը, ունենայ երկար ստեղծագործական ճանապարհ։ Մենք կարողացանք պահպանել այդ բանը եւ նոր էջ մը բանալ թէ՛ ծրագրային եւ թէ համերգային գործունէութեամբ։ Այն ինչ որ ստեղծեց Թոփիկեան գունապնակ մըն է, որ ուրոյն տեղ ունի մեր մշակութային կեանքին մէջ», ըսաւ Ուայնէր։

Յարութիւն Թոփիկեանի հիմնադրած Երեւանի Սենեկային երգչախումբը 1996 թուականին սկսած էր իր ոդիսականը ու կարճ ժամանակահատուածի մէջ յաջողած՝ ինքնուրոյն տեղ ապահովել հայկական երաժշտական աշխարհին մէջ։ 2009 թուականին պետական կարգավիճակ ստացած էր այս երգչախումբը՝ վերանուանուելով Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբ։ Մաէսթրօ Յարութիւն Թոփիկեան կեանքէն հեռացած էր 26 հոկտեմբեր 2020 թուականին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 28, 2021