«ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐ»Ը ՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՕՏ

«Միու­թիւն-2015. յաղ­թա­նա­կի ժա­ռան­գորդ­ներ» մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կրթա­կան ռազ­մա­մար­զա­կան մրցոյթ-հա­ւա­քը այ­սօր կ՚եզ­րա­փա­կուի Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տի 70-ա­մեա­կին ձօ­նուած հա­ւա­քը այս տա­րի ու­նէր յո­բե­լե­նա­կան բնոյթ։ 2007 թուա­կա­նէն ի վեր կը կազ­մա­կեր­պուին այս հա­ւաք­նե­րը։

Ծրագ­րի Ե­րե­ւա­նի հանգ­րուա­նին հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լե­ցին «Մայր Հա­յաս­տան» յու­շար­ձանն ու յար­կից հա­մա­լի­րը, որ կ՚ընդգր­կէ Բ. Աշ­խար­հա­մար­տին վե­րա­բե­րեալ թան­գա­րան մը։ Լու­սան­կա­րին մէջ հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը կ՚ե­րե­ւին «Մայր Հա­յաս­տան» յու­շար­ձա­նին մօ­տ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2015