ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐ ՈՒ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՍԻԼՎԱ ՉԱՔՄԱՔՃԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԴԻՆՔԻՆ ՏԱԿ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ ամերիկահայ գործարար ու բարերարուհի Սիլվա Չաքմաքճեանի հետ։ Այս վերջինը Սփիւռքի նախարարութենէն ներս արժանացաւ ջերմ վերաբերմունքի։ Սիլվա Չաքմաքճեան հիմնադիր-տնօրէնուհին է աշխարհահռչակ «Հագուստ Սիլվայէն» զգեստներու արտադրութեան ընկերութեան։ Ան ծնած է Պէյրութի մէջ, Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն հաստատուած է Սովետական Հայաստան, իսկ տասնինն տարեկանին իր մօր հետ հաստատուած՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Երեսուներեք տարեկանին ան հիմնած է իր սեփական գործը՝ «Silva's Costumes» ընկերութիւնը ու ձեռնարկած՝ հագուստեղէնի արտադրութեան։ Յայտնի արուեստագիտուհիներ, երգչուհիներ, մշակոյթի գործիչներ եղած են ու կը շարունակեն մնալ իր յաճախորդներու շարքին։ Երեսուն տարիէ ի վեր հետեւողականօրէն ան մասնակցութիւն կը բերէ ամերիկեան ցուցադրական աշխարհի ներկայացուցիչներու փայլին ու շքեղութեան։ Սիլվա Չաքմաքճեան դարձած է այդ ոլորտի հանրայայտ ձեւաւորողներու վստահելի ու լաւագոյն գործընկերներէն մին։
ԱՄՆ հաստատուելէ վերջ Սիլվա Չաքմաքճեան մշտապէս օգնած է Լոս Անճելըսի ու մերձակայքի հայկական ազգային-եկեղեցական հաստատութիւններուն։ Ան եղած է բազմաթիւ կառոյցներու բարերարուհին, նաեւ կը բերէ իր զօրակցութիւնը՝ Հայաստանի ընկերային առումով անապահով ընտանիքներուն՝ ուղարկելով հագուստեղէններ։
Հրանոյշ Յակոբեան ընդունելութեան ընթացքին բարձր գնահատեց Սիլվա Չաքմաքճեանի գործունէութիւնն ու ձեռքբերումները։ Նախարարը մասնաւորապէս կարեւորեց անոր կողմէ Հալէպի ծերանոցին համար ցուցադրուած օգնութիւնը՝ մանաւանդ, որ Սիլվա Չաքմաքճեանի ընտանիքն ալ եղած է սուրիահայ։ Հալէպի ծերանոցին մէջ կը բնակին քառասունվեց ծերեր, որոնցմէ տասներեքը անկողնոյ կը ծառայեն։ Սիլվա Չաքմաքճեան ստանձնած է անոնց սնունդի եւ խնամքի ապահովման պատասխանատուութիւնը։
Սփիւռքի նախարարութենէն ներս Սիլվա Չաքմաքճեանի այցելութեան առթիւ կազմակերպուած այս հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեան, որ նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիահայոց ի նպաստ ցուցաբերուած օգնութեան համար։ Լենա Հալաճեան ըսաւ, թէ հպարտ է նման հայրենակից մը ունենալով։
«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Անի Պալըխեանն ալ հաւաստիացուց, որ հալէպահայութիւնը երկար պիտի յիշէ Սիլվա Չաքմաքճեանի բարեգործութիւնը։
Հարկ է նշել, որ գործարար ոլորտէն ներս արձանագրած յաջողութիւններուն բերումով Սիլվա Չաքմաքճեան պարգեւատրուած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ։