ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐԳԵՒ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց կրթական բնոյթով միջազգային մրցոյթներու կամ ողիմպիականներու մէջ բարձր յառաջդիմութիւն ցուցաբերած եւ փայլուն յաջողութիւններու հասած դպրոցականները։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցած հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան։
Նախագահ Սարգսեան անմիջական ու սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց աշակերտներուն հետ, որոնք «Քենկուրու» միջազգային ուսողութեան մրցոյթին եւ «Մեղու» հայոց լեզուի մրցոյթին դափնեկիրներու շարքին մաս կազմեցին։ 2015-2016 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ, արդէն աւանդական դարձած այս տեսակցութեան ընթացքին տղաքը ստացան իրենց պարգեւները՝ մետայլներ, վկայականներ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ նուէրներ։
Ողջունելով տղաքը Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլորը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ խրախուսանքի արժանի յաղթանակներուն համար, որոնց շնորհիւ կարելի է մեծապէս հպարտանալ։ Ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ ընթացիկ ուսումնական տարուան ընթացքին դպրոցականներուն կողմէ ցուցադրուած արդիւնքներուն։
Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան Արմէն Աշոտեանին եւ իր կրթական հարցերով խորհրդականներէն Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Արամեանին յանձնարարեց, որպէսզի անոնք միասին մշակեն հայեցակարգ մը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ դպրոցական ողիմպիական շարժման հետագայ զարգացման Հայաստանէ ներս։ «Կը կարծեմ, որ մենք արդէն հասած ենք այդ հան-գըրւանին», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, թէ երկիրը ոչինչ պիտի խնայէ, որպէսզի երիտասարդները գիտելիք ստանան, կատարելագործեն իրենց պաշարը ու դառնան լաւ մասնագէտներ։
«Ձեզի կը յորդորեմ՝ եղէ՛ք լաւատես։ Ես համոզուած եմ, որ դուք պիտի վերադառնաք այս դահլիճը, համոզուած եմ, որ դուք ձեր այս տակաւին առաջին լուրջ յաջողութիւնները պիտի զարգացնէք։ Ասոր համար կան բոլոր պայմանները։ Գիտելիքը բարիք է եւ այդ բարիքը պէտք է օգտագործուի բարի գործերու համար։ Հաւատացէք, որ չարութեամբ որեւէ լաւ գործ ընել հնարաւոր չէ։ Չարութեամբ ձեռք բերուած նոյնիսկ յաղթանակները շատ կարճ կեանք ունին։ Գիտելիքը շատ կարեւոր նախապայման մըն է լաւ ու բարի մարդ, լաւ քաղաքացի դառնալու համար։ Կ՚ուզեմ, որ դուք կեանքի մէջ ըլլաք հաստատակամ ու լաւատես, որովհետեւ առանց հաստատակամութեան, առանց լաւատեսութեան ուղղակի անկարելի է յաջողութեան հասնիլ։ Մենք բոլորս կը հպարտանանք ձեզմով։ Կը հպարտանանք, որովհետեւ այն յաջողութիւնները, որոնց դուք կը հասնիք, կը խօսին այն մասին, թէ բոլոր ձեռքբերումներու աղբիւրը աշխատանքն է, ուսումնառութիւնը եւ գիտելիքի նկատմամբ ծարաւը եւ մեր ուժը այս իսկ մէկուն մէջ է», ըսաւ Սերժ Սարգսեան՝ կրկնելով իր յաջողութեան մաղթանքները երիտասարդներուն համար։