ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ շա­րու­նա­կեց երկ­րի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նալ՝ սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման նա­խագ­ծին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Այս­պէս, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան մէկ­-տե­ղուե­ցաւ Հա­յոց հա­մազ­գա­յին շարժ­ման, Հա­յաս­տա­նի Քրիս­տո­նեայ-դե­մոկ­րա­տա­կան միու­թեան եւ «Ա­զատ դե­մոկ­րատ­ներ» կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րէն «Ժա­ռան­գու­թիւն» կու­սակ­ցու­թիւ­նը մեր­ժեց ըն­դա­ռա­ջել նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քէն ուղ­ղուած հրա­ւէ­րին։ Իր կար­գին, նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն Հրանդ Բագ­րա­տեանն ալ յայ­տա­րա­րեց, թէ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը կը հա­մա­րուին յե­ղաշրջ­ման փորձ։ Հրանդ Բագ­րա­տեան, որ ներ­կա­յիս ե­րես­փո­խան է, «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ պնդեց, թէ խորհր­դա­րա­նա­կան դրու­թեան հաս­տա­տու­մը բա­ցա­յայ­տօ­րէն պի­տի ձա­խո­ղի։ Ըստ ի­րեն, ընտ­րա­կան ի­րա­ւուն­քը, իր չորս յատ­կու­թիւն­նե­րով՝ ուղ­ղա­կի, հա­մընդ­հա­նուր, ա­զատ ու գաղտ­նի, վեր­ցուած է։ Հրանդ Բագ­րա­տեան սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փոխ­ման նա­խագ­ծին մէջ ա­ռա­ջար­կուած փո­փո­խու­թիւն­նե­րը հա­մա­րեց բո­լոր ո­լորտ­նե­րէ ներս յե­տըն­թաց։

Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն շուրջ կա­տա­րուող քաղա­քա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը կը բնո­րո­շեն նաեւ Հա­յաստա­նի օ­րա­կար­գը։ Ըստ մեկ­նա­բան­նե­րուն, այս քննար­կում­նե­րը երկ­րէն ներս կը ստեղ­ծեն շի­նիչ երկ­խօ­սու­թեան մը մթնո­լոր­տը։ Նոյն շրջա­նակնե­րուն մօ­տեց­մամբ, սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­ներու պա­հան­ջը ար­դէն հա­սուն­ցած է երկ­րէն ներս։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2015