ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ ԻԻՆԻ­ՍԷՖ-ի գրա­սե­նեա­կի նո­րան­շա­նակ ղե­կա­վար Թանիա Ռա­տո­չա­յի հետ, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րին կրկնօ­րի­նա­կը։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Նալ­պանտեան բարձր գնա­հա­տեց ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի ա­ւե­լի քան քսան տարուան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ըստ ի­րեն, այս տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի Ե­րե­ւա­նի գրա­սե­նեա­կը լաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հաս­տա­տած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան, պե­տական եւ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ, ինչ որ կը նպաս­տէ ման­կա­կան զա­նա­զան ծրագ­րե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ ի­րա­կա­նաց­ման։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան եւ ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի գոր­ծու­նէու­թեան նկատ­մամբ բարձր գնա­հա­տան­քին հա­մար՝ Ռա­տո­չա յոյս յայտ­նեց, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ մշա­կուած ծրագրե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին յա­ջո­ղու­թեամբ կեանքի կոչուիլ, ինչ որ պի­տի նպաս­տէ ե­րա­խա­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­նոնց ա­ռող­ջա­պա­հա­կան պայ­ման­նե­րու ու կրթա­կան մա­կար­դա­կի բա­րե­լաւ­ման։

Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վե­րա­հաս­տա­տեց Հա­յաստա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու համար ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի գրա­սե­նեա­կին հետ՝ այս վերջ­նոյն կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուող ծրագ­րե­րուն շա­րու­նա­կա­կանու­թեան ա­պա­հով­ման, նոր ծրագ­րե­րու մշակ­ման եւ ա­նոնց ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Նալ­պանտեան խոս­տա­ցաւ նաեւ ա­մե­նայն ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Թա­նիա Ռա­տո­չա­յի գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ ԻՒ­ՆԻ­ՍԷՖ-ի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զա­նա­զան հար­ցե­րուն շուրջ։

Միւս կող­մէ, Նալ­պան­տեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Սպի­տակ Ռու­սիոյ նո­րան­շա­նակ դեսպան Ի­կոր Նա­զա­րու­քի հետ, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րուն պատ­ճէ­նը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2015