ՈՉ ԵՒՍ Է ԺԱԳ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քը կորսն­ցուց իր ե­րէց սե­րուն­դէ գոր­ծիչ­նե­րէն մին։ Ոչ եւս է Ժագ Թո­րա­նեան, որ ե­ղած է «Les Nouvelles d'Armenie» ամ­սագ­րի հիմ­նա­դիրն ու ա­ռա­ջին գլխա­ւոր խմբա­գի­րը։

Նո­րոգ հան­գու­ցեալ Ժագ Թո­րա­նեան մշտա­պէս հե­տա­մուտ ե­ղած է ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քի խնդիր­նե­րուն եւ հան­դի­սա­ցած՝ վեր­ջին քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րու կտրուած­քով այդ երկ­րի հայ հա­մայն­քի ա­մե­նաազ­դե­ցիկ հայ­կա­կան պար­բե­րա­կան­նե­րէն մէ­կուն հիմ­նա­դի­րը։ Ժագ Թո­րա­նեան հայրն է նոյն ամ­սա­թեր­թի այժ­մու գլխա­ւոր խմբա­գիր, Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ Ա­րա Թո­րա­նեա­նի։

Նո­րոգ հան­գու­ցեալ Ժագ Թո­րա­նեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սեպ­տեմ­բե­րի 1-ին, Փա­րի­զի Ս. Յով­հան­նէս Մկրտիչ մայր տա­ճա­րին մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2015