ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԻՒՐՔԷՇԸ
Նոյեմբեր 1-ին կայանալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին կողմէ պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուեցաւ ցուցակը այն կուսակցութիւններուն, որոնք պիտի մասնակցին քուէարկութեան։ Այսպէս, 26-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի քսանինն կուսակցութիւն։
Այս ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու տեսակցեցաւ երեսփոխան Թուղրուլ Թիւրքէշի հետ։ Ծանօթ է, որ ՄՀՓ-ական Թուղրուլ Թիւրքէշ ընդունած է ժամանակաւոր կառավարութեան մէջ պաշտօն ստանձնելու առաջարկը, ինչ որ գայթակղութիւն յառաջացուցած է իր կուսակցութեան շարքերէն ներս։
Միւս կողմէ, ժամանակաւոր կառավարութեան մաս կազմելու առաջարկ ստացած ՀՏՓ-ական երեք երեսփոխաններէն մին՝ Լեւենտ Թիւզէլ մերժեց այդ առաջարկը։ Ահմէտ Տավուտօղլու կը շարունակէ առժամեայ կառավարութիւնը ձեւաւորելու ուղղեալ աշխատանքը։