ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ

Հայկական շարժանկարի աշխարհէն ներս վերջին շրջանին լայն արձագանգ ստեղծած է «Դանիէլ» ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի 1915-ի ձերբակալման եւ սպանութեան պատմութիւնը։ Անգլիահայ բեմադրիչ Կարօ Պէրպէրեանի կողմէ նկարահանուած կարճաժամկէտ գործ մըն է այս մէկը։ Ժապաւէնին մէջ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութիւններն ալ օգտագործուած են՝ թէ՛ հայերէնով եւ թէ անգլերէնով։ Ֆիլմին մէջ Դանիէլ Վարուժանը մարմնաւորուած է դերասան Տիգրան Գաբոյեանի կողմէ։ Միւս հիմնական դերակատարներն են՝ Սամուէլ Գրիգորեան եւ Վահագն Մարտիրոսեան։ Վարուժանի բանաստեղծութիւնները ներկայացուած են Եղիա Աքկիւնի կողմէ։ Այլ զանազան հեղինակներու շարքին, այս գործի երաժշտութեան մէջ հնչած են Տիգրան Համասեանի յօրինումները։

«Դանիէլ» ժապաւէնը ցայսօր ցուցադրուած է զանազան միջազգային փառատօներու մէջ եւ արժանացած՝ մրցանակներու։ Ընդհանուր առմամբ այս գործը արժանացած է շարժանկարի աշխարհի անմիջական ուշադրութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Դանիէլ» ժապաւէնը վերջերս ցուցադրուեցաւ նաեւ Երեւանի մէջ։ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի գիտաժողովներու սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան այս ժապաւէնի ստեղծագործական խումբի անդամները՝ Կարօ Պէրպէրեանի գլխաւորութեամբ։ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի ցուցադրութենէն առաջ, «Դանիէլ»ը մասնակցեցաւ նաեւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնին։ Գործը արտադրուած է Տաթեւիկ Այվազեանի կողմէ։ Այս վերջինը «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին ըսաւ. «Մենք Դանիէլ Վարուժանը ընտրած ենք նաեւ իր անձի գեղեցկութիւնը ցոյց տալու համար»։ Ընդհանուր առմամբ, այս ժապաւէնի հեղինակները որոշած են Դանիէլ Վարուժանը լուսարձակի տակ առնել, որովհետեւ ան իր ստեղծագործութիւններով կը խօսի գեղեցկութեան, խաղաղութեան, բարութեան ու սիրոյ մասին։

Երեւանի ցուցադրութենէն վերջ տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը։ Ասուլիսի աւարտին ժապաւէնի դերակատարները ասմունքեցին մեր գրողի բանաստեղծութիւններէն նմոյշներ։

«Դանիէլ» ժապաւէնը ցայսօր մրցանակներու արժանացաւ Պերմուտայի շարժանկարի միջազգային փառատօնին մէջ։

Երեւանի ներկայացումներէն վերջ «Դանիէլ»ի ուղեւորութիւնը կը շարունակուի ընդգրկելով լայն աշխարհագրութիւն մը. օրինակ՝ Սկովտիա, Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Աւստրալիա եւ այլն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018