ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԴՊՐՈՑ

Յառաջիկայ 25 սեպտեմբերին Փարիզի մէջ պիտի սկսի գործել ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի մասնաճիւղը։ Վերջերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը այս կապակցութեամբ։ Ֆրանսական մայրաքաղաքի կեդրոնին՝ Լէ զ՚Ալ թաղամասէն ներս պիտի հաստատուի «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ը։ Մօտալուտ բացման սեմին կազմակերպուած արարողութեան ներկայ գտնուեցան Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ եւ ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան։

«ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ի հանրային պաշտօնական ներկայացման հաւաքոյթին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Փարիզի մէջ ստեղծուելիք մասնաճիւղը ԹՈՒՄՕ-ի առաջին միջազգային կեդրոնը պիտի հանդիսանայ։ Այդ մէկը անվճար կրթութիւն պիտի ապահովէ 12-18 տարեկան շուրջ 1500 պատանիներու։ ԹՈՒՄՕ-ի Փարիզի մասնաճիւղի տնօրէնը պիտի ըլլայ Կորիւն Խաչատուրեան։ Կեդրոնին մէջ ուսանողները կարելիութիւնը պիտի ունենան ուսումնասիրելու բազմաթիւ ոլորտներ, ի շարս որոնց՝ ֆիլմերու ստեղծում, ծրագրաւորում, կենդանապատում, կրաֆիքական տիզայն, խաղերու ստեղծում, եռաչափ ձեւաւորում, նկարչութիւն եւ երաժշտութիւն: «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ը կը գտնուի Ֆրանսայի ամենամեծ կեդրոնական կայարանին կից, եւ ըստ քաղաքապետուհի Անն Իտալկոյի` ԹՈՒՄՕ-ն պիտի դառնայ երիտասարդութեան հաղորդակցութեան խաչմերուկ, ուր անոնք ոչ միայն պիտի կարենան ձեռք բերել նոր հմտութիւններ, այլ նաեւ պիտի կարենան իրագործել իրենց ամենաստեղծագործ գաղափարներն ու թուային փորձարկումները:

Կեդրոնի բացման գաղափարը ծիլ արձակեց 2016-ին, երբ «ԹՈՒՄՕ-Երեւան» իր այցի ժամանակ՝ գաղափարով սքանչացած, Անն Իտալկօ կեդրոնի պատասխանատու Մարի Լու Փափազեանի հետ համաձայնեցաւ Փարիզի մէջ եւս նման կեդրոն բանալու մասին: Աշխատանքային բազմաթիւ այցերէ ետք, ծրագիրը պատշաճուեցաւ ֆրանսականին եւ այսօր բոլոր յարմարութիւնները ապահովելէ ետք՝ «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ը արդէն գրեթէ պատրաստ է բացումի:

ԹՈՒՄՕ-ի այս նոր կեդրոնի բացման ընդառաջ, Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ, Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսաւ Կորիւն Խաչատուրեանի հետ կատարուած ծաւալուն հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

-Շուրջ երկուքուկէս տարի վարած էք ԹՈՒՄՕ-ի Ստեփանակերտի կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնը։ Ըստ երեւոյթին հոն բաւական յաջող ծրագիր մը իրագործած էք, թէ՛ երեխաներուն եւ թէ զինուորականներուն յատկացուած։ Կարելի՞ էր այդ ծրագրին մասին որոշ մանրամասնութիւններ տայիք։

-Մենք 2015 հոկտեմբերին ԹՈՒՄՕ-Ստեփանակերտի բացումը կատարեցինք, ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեամբ։ Պէտք է ըսել, թէ Բարեգործականի հետ համաձայնութիւն ունինք եւ իրենք ցարդ կը հոգան մեր բոլոր ծախսերը։ Մինչեւ այսօր վերիվարոյ շուրջ 2000 աշակերտութիւն անցած է ԹՈՒՄՕ-ի Ստեփանակերտի կեդրոնէն, որոնցմէ 1200-ը տակաւին կանոնաւոր կերպով հոն կը յաճախէ։ Բացի Ստեփանակերտէն, աշակերտներ ունինք՝ Ասկերանէն, Շուշիէն, Մարտունիէն, Մարտակերտէն, Բերձորէն, Հադրութէն, այլ խօսքով Արցախի տարբեր շրջաններէն եւ գիւղերէն՝ Քարին տակ, Կաղարծի, Պառաւաթումբ, Մուշկապատ եւ այլն։ Կառավարութեան աջակցութեամբ ԹՈՒՄՕ-հանրակառքերով երեխաները կը փոխադրենք մայրաքաղաք։ Ըսեմ, թէ նկատի ունենալով այս երեւոյթը մեր կեդրոնը այսօր կարելի է կոչել՝ ԹՈՒՄՕ-Արցախ։ Հոն Երեւանի, Կիւմրիի եւ Դիլիջանի կեդրոններու կրթական նո՛յն ծրագիրը կը կիրարկենք։ Ուսուցումը ամբողջովին անվճար է եւ ԹՈՒՄՕ կրնան գալ 12-էն 18 տարեկան պատանի-երիտասարդները։

Անցնող տարիներու ընթացքին Արցախի կառավարութեան հետ ալ բաւական ծրագրեր իրագործեցինք, օրինակի համար՝ մեզի կ՚ապսպրեն կայք մը կամ պատկերանիշ մը պատրաստել եւ նման տարբեր աշխատանքներ, այլ խօսքով մեր կեդրոնը այլեւս վստահելի հաստատութիւն մըն է։

-Դասընթացավարները ընդհանրապէս ո՞ր շրջաններէն կու գան։

-Հիմնականին մէջ Սփիւռքէն միայն ես էի, իսկ մնացեալները՝ Արցախի շրջաններէն են։ Ինչ կը վերաբերի դասընթացավարներուն, անոնք Երեւանի ԹՈՒՄՕ-էն կու գան՝ փոխն ի փոխ չորս շաբաթը անգամ մը։ Տեղեկացնեմ, թէ Երեւանի ԹՈՒՄՕ-ի դասընթացավարները կազմուած են մանկավարժական մասնագէտներէ, որոնց մէջ կան լիբանանահայ, ամերիկահայ, ֆրանսահայ, ռուսահայ..., բայց անոնց մեծամասնութիւնը հայաստանցի է, տարբեր շրջաններէ՝ Կիւմրիէն, Վանաձորէն..., մէկ-երկու օտարներ ալ կան։

-Ինչո՞ւ այդ փոխն ի փոխ շրջապտոյտը։

-Որպէսզի բոլոր կեդրոններու մէջ մասնագէտները նո՛յն մօտեցումով, նո՛յն ձեւով, նո՛յն նիւթերը դասաւանդեն։

-Տարին քանի՞ ամիս կ՚աշխատիք։

-Օգոստոս ամիսը ամբողջովին գոց ենք եւ այդ ընթացքին թէ՛ քիչ մը հանգիստ կ՚ընենք եւ թէ ալ կը վերանայինք մեր ծրագրերը ու կը պատրաստուինք սեպտեմբերի բացումին։ ԹՈՒՄՕ-ն գոց է նաեւ կաղանդի շրջանին։

-Ի՞նչ կ՚ըսէիք ԹՈՒՄՕ-բանակ ծրագրին մասին։

-Մենք փորձնական կերպով Դիլիջանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գործադրեցինք այդ ծրագիրը եւ հիմա պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար պիտի շարունակենք նոյն աշխատանքը։ Ըսեմ, թէ Ստեփանակերտի մէջ մասնակցեցան շուրջ 250 ժամկէտային զինծառայողներ՝ այսինքն 18-էն 21 տարեկան երիտասարդներ, իսկ Դիլիջան՝ 75 հոգի։ Մեր նպատակն էր կրթութեան շարունակականութիւնը ապահովել տղոց զինուորութեան տարիներուն։ Այս աշխատանքին զինուորները կամաւոր կը մասնակցին։

-Երեւանի մէջ նաեւ ԹՈՒՄՕ-ի տարեկան ճամբարը կը կազմակերպէք։ Հոն ի՞նչ ծրագիր կը գործադրէք։

-Նախ ըսեմ, թէ այդ ճամբարին կը մասնակցին սփիւռքահայեր եւ օտարներ։ Մեր նպատակն է ընդհանրապէս Հայաստանը ծանօթացնել աշխարհին։ Տարեկան շուրջ 400 հոգի կը մասնակցի, որոնց տարիքը 11-էն 18 է։ Վճարովի է՝ շաբաթը 500 տոլար, եւ 8 շաբաթ տեւողութեամբ։ Մասնակցողները իրենք կ՚որոշեն իրենց կեցութեան ժամանակաշրջանը։ Տղաքը կրնան երկու մասնագիտութիւն ընտրել։ Օրական 4 ժամ ԹՈՒՄՕ-ի ծրագրին կը հետեւին եւ չորս ժամ ալ յատկացուած է պտոյտներու՝ դէպի Հայաստանի զանազան շրջանները։

-Դուք «ԹՈՒՄՕ-Փարիզ»ի հիմնադրութեան եւ բացման պատասխանատու նշանակուած էք։ Ինչպէ՞ս կատարուեցաւ ձեր անձին ընտրութիւնը։

-Քիչ մը բնական էր, նկատի ունենալով որ փարիզահայ էի եւ արդէն Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէնութեան փորձառութիւնը ունէի։ Արդէն երեք շաբաթ է, որ հոս կը գտնուիմ։ Գալ շաբաթ, այստեղի խումբով Հայաստան կ՚երթանք՝ վերապատրաստման նպատակով։

-Փարիզի կեդրոնին մէջ քանի՞ հոգի պիտի աշխատի։

-32 մասնագէտներ հոս պիտի աշխատին։ Շաբաթը 1500 հոգի կրնայ մասնակցիլ։ Հոս 14 մասնագիտութենէն միայն 8-ը ընտրած են, այսինքն Հայաստանի բաղդատմամբ աւելի սահմանափակ ձեւով, բայց մնացեալ պայմանները գրեթէ նոյնն են։ Դասաւանդման լեզուն ֆրանսերէնն է։

-Աշխարհի տարածքին այլ շրջաններու մէջ ալ ունի՞ք նման ծրագրեր։

-Պէյրութի մէջ մեծ հաւանականութեամբ գալ տարի ԹՈՒՄՕ-ի կեդրոն մը կը բացուի։ Այնտեղի ծրագիրը արաբներու նախաձեռնութիւնն է, բայց մենք պիտի փորձենք հոն հայերու համար տեղեր ապահովել։ Մոսկուայի եւ Թիրանայի մէջ ալ կեդրոն բանալու ծրագիր ունինք։

Իսկ Հայաստանի մէջ հեռանկարներ կան՝ Տաւուշի, Գորիսի, Ղափանի, Վանաձորի, Գաւառի, Մասիսի եւ այլ շրջաններու համար։ Կ՚ուզենք զարգացնել եւ տարածել ստեղծագործական այս իւրայատուկ դպրոցը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018