ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԱՊՕՐԻՆԻ ՁԵՒՈՎ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ դարձեալ ձերբակալուեցան սահմանախախտներ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջաններուն յաճախակի դարձած են այս երեւոյթները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահները ձերբակալեցին երկու անձ, որոնք Փաքիստանի քաղաքացիներ էին։ Սահմանախախտները Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտել փորձեցին՝ ջանալով լողալով անցնիլ Արաքս գետը։ Ռուս սահմանապահները հերթապահութեան ընթացքին Թուրքիոյ տարածքէն ներս նկատեցին երկու անծանօթ անձ։ Քանի մը ժամ վերջ այդ երկու անձերը հատեցին Հայաստանի սահմանը ու փորձեցին թաքնուիլ հայկական տարածքէն  ներս։ Ռուս սահմանապահները հետապնդեցին սահմանախախտները եւ զանոնք ձերբակալեցին։ Ձերբակալման ընթացքին սահմանախախտները փորձեցին դիմադրել, սակայն սահմանապահները կարողացան չէզոքացնել զանոնք։

Հարցաքննութեան արդիւնքով պարզուեցաւ, որ սահմանախախտները Փաքիստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ են։ Ըստ օրէնսդրական կարգի՝ սահմանախախտները փոխանցուեցան Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն, որոնք պիտի պարզեն Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտողներու վերաբերեալ հանգամանքները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018