ԳԱԳԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

Հայաստանի մէջ երէկ ձերբակալուեցաւ երկրի նախկին ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերէն մին եւս։ Վերջին շրջանի աղմկարար ձերբակալութիւններու ընթացքին, իրականութեան մէջ, այս անունը միշտ շրջանառութեան մէջ էր։ Խնդրոյ առարկայ անձնաւորութիւնն է՝ Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ, ելմտական նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեան, որ երէկ ձերբակալուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով պատկան իշխանութիւնները Գագիկ Խաչատրեանի եւ անոր հետ առընչակից շարք մը անձերու բնակարաններուն մէջ կատարած են խուզարկումներ։ Այս բոլորի լոյսին տակ ձերբակալուած են Գագիկ Խաչատրեան եւ Կարէն Խաչատրեան, որ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ մըն է։ Անոնք կը մեղադրուին՝ պաշտօնական դիրքի չարաշահումով եւ առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի վատնումով։ Համապատասխան նախա-քըննութիւնը կը շարունակուի։

Հայաստանի հանրային կարծիքէն ներս երկար տարիներ ստեղծուած էր այն տպաւորութիւնը, թէ Գագիկ Խաչատրեան «դրամարկղ»ն էր նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019