ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐԿԱՆԻՇԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ
MOODY՚S միջազգային վարկանշային կազմակերպութիւնը բարձրացուց Հայաստանի վարկանիշը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ երկրի վարկանիշը «B1»էն բարձրացած է «Ba3»ի։
Այս որոշումը առնուած է այն գնահատականներու հիման վրայ, թէ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան աճի շարժիչները կը տեսակաւորուին՝ զուգակցելով արդէն երկար ժամանակէ ի վեր պահպանուող մաքրոտնտեսական կայունութեան հետ եւ կը բարձրանայ երկրի տնտեսական դիմադրութիւնը։ Կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ միջին ժամկէտով երկրի իրական համախառն ներքին աճը կը մնայ բարձր։ Յատկապէս կարեւորուած է Հայաստանի մէջ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտի զարգացումը, որ առաւելապէս զբաղուած է բարձր փորձագիտութիւններու հետազօտումով ու զարգացումով։
Նիկոլ Փաշինեան մատնանշած է, որ այս վարկանիշը կը բարձրացնէ միջազգային վստահութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան նկատմամբ եւ էականօրէն կը բարելաւէ երկրի ներդրումային գրաւչութիւնը։