ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՔՐՈՆ. «ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐՋԱՆԱՅ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԸ»

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ աշխարհի մէջ կու գայ արեւմուտքի գերիշխանութեան վերջը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փարիզի մէջ երէկ տեղի ունեցած Դեսպաններու խորհրդաժողովին ժամանակ Էմմանիւէլ Մաքրոն ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Աշխարհի մէջ արեւմտեան գերիշխանութեան դարաշրջանը կ՚աւարտի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով։ Մենք կը տեսնենք աշխարհի մէջ արեւմտեան գերիշխանութեան աւարտը, հանգամանքները կը փոխուին, սա, մասնաւորապէս, նոր տէրութիւններու ամրապնդումն է»։

Նախագահ Մաքրոն ելոյթին ընթացքին ընդգծեց, որ Չինաստան մղուած է առաջին շարք, իսկ Ռուսաստան մեծ յաջողութեան կը հասնի իր ռազմավարութեան մէջ։ Ան համոզուած է, որ Ֆրանսայի համար անհրաժեշտ է խորապէս վերամիաւորուիլ եւ նոր յարաբերութիւններ կառուցել Ռուսաստանի հետ։ Ֆրանսացի ղեկավարի խօսքով՝ առանց Ռուսաստանի հնարաւոր չէ Եւրոպայի մէջ վստահութեան եւ անվտանգութեան նոր ճարտարապետութիւն մը կառուցել։

Խորհրդաժողովի ընթացքին Էմմանիւէլ Մաքրոն տեղեկացուց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները մօտաւոր ապագային պիտի այցելեն Մոսկուա։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019