ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ անընդունելի է Սուրիոյ կառավարական ուժերուն կողմէ Իտլիպի մէջ քաղաքային ժողովուրդի վրայ մահու տարափ ստեղծուիլը։ Ըստ իրեն, կառավարական ուժերը այդ բանը կը կատարեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով։

Նախագահ Էրտողան երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Երկու ղեկավարներուն հանդիպումը տեղի ունեցաւ ռուսաց մայրաքաղաքին մերձակայ Ժուքովսքի քաղաքի օդակայանին մէջ։ Էրտողան եւ Փութին միասնաբար այցելեցին «ՄԱՔՍ-2019» օդագնացութեան տօնավաճառը եւ զուգահեռաբար ունեցան հանդիպում մը, որ տեւեց շուրջ 1 ժամ 20 վայրկեան։ Անոնք համատեղ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեցին Ժուքովսքիի օդակայանին մէջ։ Նախագահներու կողքին էին երկու երկիրներէն բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Էրտողանի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք, նախագահի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, նախագահականի հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան նշեց, որ Փութինի հետ հնարաւորութիւն ունեցած են խորհրդակցելու Եփրատի արեւելքի առկայ կացութեան շուրջ։ Այս առթիւ վերահաստատուած է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ հաւատարմութիւնը։ Ըստ Էրտողանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ հաստատուած սերտ երկխօսութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ոչ միայն երկու երկիրներուն, այլ ամբողջ տարածքաշրջանի տեսակէտէ։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին կողմերը վերահաստատած են նաեւ այս ըմբռնումը։ Լրագրողի մը հարցման պատասխանելով Էրտողան նշեց, որ Փութինի հետ անդրադարձ կատարած են Եփրատի արեւելքին նախատեսուած անվտանգ գօտիի ձեւաւորման հարցին։ Նախագահը մատնանշեց, որ Թուրքիա այս խնդիրներուն կապակցութեամբ շփման մէջ է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ ու կ՚ակնկալէ, որ իրեն տրուած խոստումները ժամ առաջ յարգուին։

Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած անվտանգ գօտիի ստեղծումը Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման  տեսակէտէ կը համարուի դրական։ Ուստի, ռուս ղեկավարը զօրակցութիւն յայտնեց այդ տարածքաշրջանէն ներս լարուածութիւնը նուազեցնելու ուղղեալ բոլոր քայլերուն համար։ Փութին շեշտեց, որ Թուրքիոյ զգայնութիւնները կը հասկնան շատ լաւ։ Իր խօսքով՝ գաղթականներու հարցին բերումով Թուրքիա ունի մեծ բեռ մը։ Ռուսական կողմը կը գիտակցի այս հանգամանքը։ Թուրքիոյ օրինական շահերը կ՚ենթադրեն՝ սահմաններու երկայնքով անվտանգութեան երաշխաւորումը։

Վլատիմիր Փութին աւելցուց նաեւ, որ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ ամենաարդիւնաւէտ ջանքերը կը գործադրուին Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման համար։ Երկու ղեկավարները երէկ քննարկած են Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներու անհետացման համար առ-նըւելիք քայլերը։ «Խոր մտահոգութեան մատնուած ենք Իտլիպի կացութեան հետեւանքով։ Թուրքիոյ հետ շրջանակ մը ճշդեցինք՝ ահաբեկիչներու ոչնչացման նպատակով յաւելեալ միջոցներ ձեռք առնելու համար», ըսաւ Փութին։

Միւս կողմէ, «ՄԱՔՍ-2019» տօնավաճառի ծիրէն ներս Փութին երէկ Էրտողանին ծանօթացուց ռուսական արտադրութեան «ՍՈՒ-57» ռազմաօդանաւը։ Այս կործանիչը Մոսկուայի կողմէ կը մատուցուի որպէս ամերիկեան «Ֆ-35»երու համապատասխանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ուաշինկթըն Թուրքիան դուրս թողած է «Ֆ-35»երու ծրագրէն եւ ներկայիս Անգարա այլընտրանքներու որոնման մէջ է։ Մոսկուայի մէջ Էրտողանին առաջարկուած է նաեւ Ռուսաստանի հետ համագործակցութեամբ անջրպետ ուղարկել առաջին թուրք տիեզերագնացը՝ 2023 թուականին, Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019