ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԻՏԻ ՋԱՆԱՅ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ «G-8»Ի ՁԵՒԱՉԱՓԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պիտի աշխատի վերականգնելու համար Մեծն Ութնեակի (G-8) ձեւաչափը։ Ինչպէս ծանօթ է, «G-8» կը համախմբէր աշխարհի արդիւնաբերութեան մէջ ամենազարգացած ութ երկիրները։ Երբ Ռուսաստան Խրիմը վերստին ընդգրկեց իր տարածքին մէջ, այդ քայլը բռնագրաւում համարուեցաւ միջազգային բեմահարթակի վրայ եւ զուգահեռաբար Մոսկուա դուրս մնաց «G-8»ի հարթակէն։ Այդ ձեւաչափն ալ գործնականօրէն վերածուեցաւ «G-7»ի։

Վերջին օրերուն Պիարիցի մէջ, Ֆրանսա, տեղի ունեցաւ «G-7»ի գագաթաժողովը՝ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի տանտիրութեամբ։ Գագաթաժողովին ժամանակ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ օրակարգի վրայ բերաւ Ռուսաստանը վերստին այս հարթակին վերադարձնելու հարցը։ Այս խնդիրը գագաթաժողովէն առաջ քննարկուած էր նաեւ Տանըլտ Թրամփի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի միջեւ։ Յամենայնդէպս, «G-7»ի ղեկավարները փոխադարձ ըմբռնումի մը չկրցան հասնիլ այս ուղղութեամբ եւ Ռուսաստանը այդ հարթակին վերադարձնելու նախաձեռնութիւնը մնաց ապարդիւն։

Պիարիցի գագաթաժողովէն վերջ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյի յայտարարութիւնը եղաւ հետաքրքրական։ Fox News հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Մայք Փոմփէօ նշեց, որ ԱՄՆ-ի նախագահը համոզուած է, թէ «G-8»ի ձեւաչափը պէտք է վերականգնուի։ Ուստի, ամերիկեան դիւանագիտութիւնը կը պատրաստուի աշխատիլ այս ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019