ՎԱՐՉԱՊԵՏԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հայատեաց իր անփոփոխ քաղաքականութեամբ կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան սպառնալիք։

Երէկ, թէ՛ Մնացականեան եւ թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթներ ունեցան Երեւանի մէջ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովին ժամանակ։ Զօհրապ Մնացականեան այս առթիւ ընդգծեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը եւ ամրապնդումը կը բխի տարածքա-շըրջանի բոլոր ժողովուրդներու շահերէն։ «Ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան պահպանումն է մեր տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան անհրաժեշտ պայմանը եւ Հայաստան հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ։ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմաքաղաքականութեան հաւասարակշռութիւնը խախտելու փորձերը, որոնք ցայսօր արտայայտուած են ուժի կիրառումով, տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան սպառնալիք են։ Հայաստան հանդէս կու գայ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման դիրքերէն, սակայն չի կրնար ընդունիլ Ատրպէյճանի կողմէ բացայայտ կամ քօղարկուած ուժի կիրառման սպառնալիքները եւ հրադադարի դրութիւնը պայմանական դարձնելու որեւէ նկրտում։ Լարուածութեան պայմաններու մէջ բանակցութիւններ վարելու Ատրպէյճանի ջանքերը կը խոչընդոտեն խաղաղութեան համար նպաստաւոր միջավայրին ձեւաւորումը եւ ըստ այդմ չեն նպաստեր հիմնախնդրի տեւական ու համապարփակ կարգաւորման», ըսաւ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունի եւ Հայաստանն ու Արցախը ունին բաւարար ուժ խաղաղութեան ապահովման համար։ Երեւան բարձր կը գնահատէ միջազգայնօրէն ընդունուած միակ առաքելութեան՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի համանախագահութեան եւ համանախագահ երկիրներու կատարումը հիմնահարցի կարգաւորման եւ տարածքաշրջանային խաղաղութեան պահպանման գործին մէջ։ Ըստ Մնացականեանի, եթէ Ատրպէյճան անկեղծօրէն շահագրգռուած է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմամբ, ապա պէտք է նոյնքան շահագրգռուած ըլլայ Արցախի ժողովուրդի ընտրեալ ներկայացուցիչներու հետ բանակցելու ուղղութեամբ։

Զօհրապ Մնացականեան երէկուան ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Անգարա-Երեւան առանցքի առկայ վիճակին եւ ըսաւ. «Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատման մերժումը, Հայաստանի տնտեսական շրջափակումը, Հայոց ցեղասպանութեան շարունակական ժխտումը, իսկ վերջին շրջանին արդէն ցեղասպան գործողութիւններու արդարացումը, Ատրպէյճանին ղարաբաղեան հակամարտութեան շրջանակին մէջ անվերապահ եւ բացայայտ աջակցութիւնը կը ստեղծեն Հայաստանի համար անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք, որուն շարունակաբար դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը կը պայմանաւորէ տարածքաշրջանային անվտանգութեան պահպանման ուղղեալ Հայաստանի քաղաքականութիւնը, ներառեալ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու մասով»։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ Դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այս առթիւ Փաշինեան ընդգծեց, որ իրեն դառնութիւն կը պատճառէ այն իրավիճակը, զոր իբրեւ վարչապետ ժառանգած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացը եւ ընդհանրապէս հարցի միջազգային ընկալումը։ «Ոչ միայն միջազգային ասպարէզի վրայ, այլեւ նոյնիսկ երբեմն մենք մեզի կը կորսնցնենք ղարաբաղեան հակամարտութեան ծագման պատճառներու, իրաւաքաղաքական նրբերանգներու տրամաբանական շարադրանքի թելը։ Եւ այս երեւոյթը յաճախ զգալի է միջազգային զանազան հարթակներու վրայ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ քննարկումներ ունենալու ժամանակ, երբեմն մինչեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս բանակցութիւններ վարելու ատեն», ըսաւ Փաշինեան։

Աւելի վերջ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ վերջ զարմանքով արձանագրեցի, թէ միջազգային շրջանակներու մէջ որքան խոր նստած է, օրինակ, Հարաւային Օսեթիայի, Աբխազիոյ, Մերձտնեստրի եւ Ղարաբաղի հակամարտութիւնները նոյնական ընկալելու բանաձեւը։ Սա մեզի համար իսկապէս լուրջ խնդիր է՝ թէ՛ միջազգային եւ թէ տարածքաշրջանային առումով։ Եւ չափազանց կարեւոր է այդ խնդիրներու հսկայական տարբերութիւնը ի ցոյց դնել. արդիւնաւէտութեան ուղղութեամբ համոզուած եմ քանի մը յստակ պարագայով։ Երբ մենք յստակ կ՚արձանագրենք, որ Հարաւային Օսեթիոյ, Աբխազիոյ բնակիչները այսօր նոյնիսկ կրնան հանգիստ այցելել Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզ եւ այնտեղ շուկայի մէջ վաճառել իրենց արտադրած գիւղատնտեսական մթերքը, գնել իրենց համար անհրաժեշտ ապրանքները ու վերադառնալ Աբխազիա կամ Հարաւային Օսեթիա, իսկ Ռուսաստանի քաղաքացի մը Պաքուի օդակայանէն ետ կ՚ուղարկեն՝ միայն այն պատճառով, որ ան հայկական ազգանուն մը ունի, երբեմն սա աւելի ամբողջական պատկերացում մը կու տայ Ղարաբաղի հարցի էութեան մասին, քան նոյնիսկ քանի մը ժամուան դասախօսութիւնները։ Այս պարզ օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչու եւ ինչպէս ձեւաւորուած է կարգավիճակը Ղարաբաղի մէջ, ես նկատի ունիմ Պաքուի օդակայանի դէպքի նկարագրութիւնը։ Սա ցոյց կու տայ նաեւ, թէ ինչ կրնար ըլլալ այդ կարգավիճակի այլընտրանքը»։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019