ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ «ԼԱՈՒՐԱ» ՄՐՐԻԿԸ

«Լաուրա» փոթորիկը մոլեգնած է Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի ծովեզերքին։ Այսպէս, «Լաուրա» սաստիկ փոթորիկը երէկ մոլեգնած է Լուիզիանա նահանգի ծովափին: Լուիզիանայի մէջ սկսած են սաստիկ տեղատարափ անձրեւներ, քամի եւ մրրիկային մակընթացութիւն:

Փոթորիկը կը շարունակէ յառաջանալ հիւսիսային ուղղութեամբ՝ ժամական 24 քիլօմեթր արագութեամբ: Փոթորիկի սահմաններուն մէջ հովի արագութիւնը կը գերազանցէ 66 մեթրը՝ 1 վայրկեանի ընթացքին։

Օդերեւութաբանները կը նախազգուշացնէին չորրորդ դասակարգի փոթորիկէն, որովհետեւ ան կրնայ պատճառել աղէտալի վնասներ: Փոթորիկի նախազգուշացում յայտարարուած է Միսիսիփիի գետաբերանի եւ երկու նահանգներու առափնեայ շրջաններու բնակիչներու համար:

Թեքսասի եւ Լուիզիանայի իշխանութիւնները աւելի առաջ մօտաւորապէս մէկուկէս միլիոն բնակիչի յանձնարարած էին հեռանալ քաղաքէն՝ «Լաուրա»ի մօտենալու պատճառով։ Փոթորիկներու եղանակը սովորաբար Աթլանթիքի մէջ կը շարունակուի վեց ամիս՝ յունիսի սկիզբէն մինչեւ նոյեմբերի վերջը:

Մթնոլորտային երեւոյթը կը դասակարգուի որպէս արեւադարձային մրրիկ եւ իր սեփական անունը կը ստանայ, եթէ քամիի արագութիւնը անոր սահմաններուն մէջ կը հասնի մէկ վայրկեանի ընթացքին 17.5 մեթրի։ Վայրկեանի մէջ 33 մեթր եւ աւելի արագութեան պարագային մրրիկը կը դառնայ փոթորիկ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020