ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ «Ֆրեսքօ» միջազգային փառատօնը։ Արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու այս միջազգային փառատօնը արդէն 7-րդ անգամ կը կազմակերպուի։ Հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած էր սահմանամերձ Բերդ քաղաքին մէջ՝ համանուն պարախումբի բացօթեայ ելոյթով։ Այս փառատօնին նպատակն է հոգեւոր եւ մշակութային երկխօսութեան միջոցաւ նպաստել մարդասիրական արժէքներու տարածման։ Այս փառատօնը կը կազմակերպուի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան գլխաւոր աջակցութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ եւ աջակցութեամբ ու Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան «Հայաստանեան կլոր սեղան» հիմնադրամի աջակցութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փառատօնի սկիզբին առթիւ երէկ Երեւանի մէջ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի հնագոյն եկեղեցւոյ՝ Ս. Աննայի բակին մէջ։ Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արա Խզմալեան այս առթիւ նշեց, որ «Ֆրեսքօ» փառատօնը ապացուցանած է, թէ աշխարհիկ եւ կրօնական աշխարհընկալումներու միջեւ չկայ հակասութիւն։ Այս առումով սոյն փառատօնը բացառիկ ձեւաչափ մը ունի եւ անոր տարեկան ուղերձները չափազանց կարեւոր են՝ յիշեցնելու համար շատ կարեւոր արժէքներ։

Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Աննա Կարապետեանն ալ յայտնեց, որ «Ֆրեսքօ»ն աստիճանաբար կը մեծնայ ու կը դառնայ ժողովրդական տօն։

Երէկ արդէն սկսաւ այս փառատօնի համերգային ծրագիրը։ Բացի Հայաստանի Պարի պետական համոյթէն, այս տարուայ ծրագրի ծիրէն ներս հանդէս կու գան նաեւ Ռուբէն Հախվերդեան եւ աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020