1491 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտնեց, որ վերջին շրջանին քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ բուժուած հիւանդներու թիւը աւելի նուազ է՝ նոր վարակեալներու բաղդատմամբ։ Հիւանդներու թիւը հակակշռի տակ պահելու ճանապարհը՝ նոր վարակեալներու թիւի նուազեցումն է։ Այս նպատակով ամենաազդու ճանապարհն է նախազգուշական միջոցներու հնազանդիլը։ «Ի վերջոյ ժահրը պիտի պարտուի» կրկնեց նախարարը։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հաղորդեց վերջին վիճակագրական տուեալները՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 106 հազար 111 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1491 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 26 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 995։ Այս պահու դրութեամբ 862 հիւանդի պարագան կը համարուի ծանր։

«Անատուլու» գործակալութեան հաղորդումներով, համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ երկրի զանազան քաղաքներէն ներս խստացուած են անհրաժեշտ սահմանափակումները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020