ՍՊԻՏԱԿ ԷՋԻ ՄԸ ԸՆԴԱՌԱՋ
Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ կ՚ենթադրուի վերաշխուժացում մը։ Թուրքիա եւ Յունաստան որոշած են նոր էջ մը բանալ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս անցեալ ամիս Վիլնիուսի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին՝ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջանակին մէջ։ Այդ հանդիպման ընթացքին կողմերը ամենաբարձր մակարդակի վրայ քաղաքական կամք արտայայտած էին՝ նոր մեկնարկ մը ապահովելու համար երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք մօտաւոր անցեալին դիմագրաւեցին լուրջ վերիվայրումներ։
Այժմ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կը պատրաստուի հիւրընկալել Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Երափեթրիտիսը, որ սեպտեմբերի 5-ին պիտի այցելէ Անգարա։ Նախարարները երկկողմանի օրակարգին առընթեր, տարածաշրջանային բնոյթով խնդիրներ ալ պիտի շօշափեն։ Նկատի ունենալով, որ սեպտեմբերի երկրորդ կէսին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի ժամանակաշրջանին Էրտողանի եւ Միցոթաքիսի միջեւ նոր հանդիպում մըն ալ կը նախատեսուի՝ երկու նախարարները նաեւ պատրաստութիւններ պիտի տեսնեն այդ ուղղութեամբ։
Նախարարներու ժամադրութենէն վերջ, նախագահներուն հանդիպումը պիտի ըլլայ Անգարա-Աթէնք նոր մեկնարկին երկրորդ փուլը։ Իսկ ենթադրուած երրորդ փուլին տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Յունաստան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդին ժողովը՝ Թեսաղոնիկէի մէջ։
Երափեթրիտիս վերջերս Յունաստանի հեռուստակայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին ժամանակ անդրադարձաւ մօտալուտ Թուրքիա այցելութեան։ Ան նշեց, որ մասնաւորապէս Հաքան Ֆիտանի հետ շատ լաւ մակարդակի վրայ անձնական յարաբերութիւններ մշակած են։ Ուրեմն, շնորհիւ այդ յարաբերութեան, կարգ մը խնդիրներ հարթուած են՝ առանց խիստ խօսոյթներու կամ լարուածութեան։ «Մենք կը ջանանք Թուրքիոյ հետ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան հիման վրայ յարաբերութիւններ ձեւաւորել։ Սա դիւրին գործ մը չէ։ Մեր նպատակն է՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերջին ամիսներու հանդարտ շրջանը դարձնել երկարակեաց», ըսաւ Եորկօ Երափեթրիտիս։
Թուրքիա-Յունաստան այս ձիւնահալը կարելի է նաեւ դիտարկել աւելի լայն համայնապատկերի մը վրայ։ Արդարեւ, Անգարա այս շրջանին արդէն նոր մեկնարկի մը գացած է ընդհանրապէս Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ Նախագահ Էրտողան այս առումով կարեւոր պատգամներ տուած էր ՆԱԹՕ-ի վերջին՝ Վիլնիուսի գագաթաժողովին ժամանակ, որու ծիրէն ներս տեղի ունեցած էր նաեւ Միցոթաքիսի հետ իր տեսակցութիւնը: