ԴԵՍՊԱՆԱՀԱՒԱՔԻ ՕՐԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքը կը շարունակուի Դիլիջանի մէջ։ Դեսպանահաւաքի շրջանակներէն ներս բազմակողմանի քննարկումներ կը ծաւալուին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս տարեկան աշխատաժողովի ծիրէն ներս երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ դիւանագէտներուն առջեւ։ Ի շարունակութիւն, նախարարին գլխաւորութեամբ քննարկուեցան Երեւանի արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջնահերթ հարցերը, կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային ու միջազգային իրադարձութիւններուն, նաեւ Հայաստանին վիճակած առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Այս արժեւորումներուն առընթեր, դեսպանահաւաքի մասնակիցները անդրադարձան միջազգային գործընկերներու հետ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացիկ ծրագրերուն, գործընկերութեան խորացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան։