ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն միջազգային հանրութեան ջերմ պատգամներ փոխանցել՝ որպէս եղբայրական երկիրներ։ Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ երբեք անուշադրութեան չի մատնուիր նաեւ Երեւանը, որու հետ մէկուն կողմէ հաշտութեան, իսկ միւսին կողմէ բնականոնացման որոնումներ յառաջ կը տարուին։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Անոնք նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, իսկ աւելի վերջ գլխաւորեցին բանակցութիւնները, որոնց աւարտին սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Մինչ այդ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Ամիրպէյով հերթական անգամ յայտնեց, որ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման առջեւ հիմնական խոչընդոտը կը մնայ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը։ Անգարայի երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նոյնը կրկնեց նաեւ Ճէյհուն Պայրամով։ «Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը շարունակեն համատեղ քայլերու ձեռնարկել տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման համար։ Խաղաղութեան պայմանագրի աւարտի գլխաւոր խոչընդոտը Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ տարածքային յաւակնութիւններն են», ըսաւ ան։ Յամենայնդէպս, Պայրամով աւելցուց, որ բանակցային գործընթացէն ներս դրական թափ մը գոյութիւն ունի, ենթադրեալ համաձայնութեան նախագծին զգալի մասը համաձայնեցուած է։ Պայրամով Անգարայի մէջ մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Հայաստանի ապահոված սպառազինութիւններու մասին՝ դիտել տալով, որ երրորդ երկիրներ կը նպաստեն անոր զինման։
Հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտած են Անգարայէն հնչած յայտարարութիւնները։ Ֆիտան եւ Պայրամով աչքէ անցուցած են Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պիտի շարունակեն միասնական ըլլալ թէ՛ լաւ եւ թէ վատ օրով։ Անոնք միշտ կ՚առաջնորդուին՝ մէկ ազգ երկու պետութիւն սկզբունքով։ Ֆիտանի խօսքով՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ունին աշխարհի մէջ աննման եղբայրական յարաբերութիւններ, որոնք հասարակաց պատմութեան, մշակոյթի, լեզուի եւ ինքնութեան հիմքերու վրայ կը բարձրանան։ Երկու երկիրները միշտ բաժնած են իրարու ուրախութիւնն ու տխրութիւնը։ Ըստ Ֆիտանի՝ այս նոյն հասկացութեամբ Ղարաբաղի աւելի քան երեսուն տարուան անարդար բռնագրաւման շրջանին Թուրքիա անդրդուելիօրէն Ատրպէյճանի կողքին դիրք գրաւած է, ապագային ալ նոյնը պիտի ընէ։
Երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը վերահաստատած են իրենց համատեղ ցանկութիւնը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան ժամ առաջ հաստատման ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուած են Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի իրադարձութիւնները։ Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութիւններու, տարածաշրջանային փոխադարձ կապուածութեան ու զարգացման վերաբերեալ հարցերու։ «Թուրքիա-Ատրպէյճան եղբայրութիւնը պիտի շարունակէ նպաստել տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան», համոզուած է Ֆիտան։
Իր կարգին, Պայրամովն ալ յայտնեց, թէ երկու երկիրները նոյնանման ընթացքի կը հետեւին, ինչ որ կ՚ենթադրէ փոխադարձ զօրակցութիւն, ռազմավարական գործընկերութիւն եւ դաշնակցութիւն։ Ճէյհուն Պայրամով մասնաւորապէս խօսեցաւ երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան ծաւալներուն մասին՝ միշտ առանձնացնելով ուժանիւթի բնագաւառը։ «Ղարաբաղի յաղթանակը Հարաւային Կովկասի համար նոր հնարաւորութիւններ ընձեռեց։ Տարածաշրջանին պատմական բախտ մը վիճակեցաւ տեւական խաղաղութեան համար։ Հաշտութեան բանակցութիւններուն գծով կան դրական զարգացումներ», ըսաւ ան։