ԿԱՐԵՒՈՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ հանդէս կու գայ ելոյթով մը։ Ան կը մասնակցի նաեւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն նուիրուած գագաթաժողովին։ Այցելութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած են Սերժ Սարգսեանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։ Բաց աստի, ան կը մէկտեղուի ամերիկացի խոշոր ներդրողներու եւ գործարար շրջանակներէ դէմքերու հետ։
Նիւ Եորքէն վերջ Սերժ Սարգսեան պիտի ուղեւորուի Ուաշինկթըն, ուր Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսէն ներս մասնակցութիւն պիտի բերէ «Ռաուլ Վալենպերկ» միջազգային հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին, որու ընթացքին նախատեսուած է իր ելոյթը։ Իր ծրագրին վրայ կայ նաեւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցութիւն մը։
Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Ծանօթ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս միջնորդները կը նախատեսեն մինչեւ տարեվերջ հանդիպում մը կազմակերպել Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Համանախագահները մտադիր են նաեւ մօտաւոր ապագային այցելութիւն մը իրականացնել դէպի ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Այս բոլորին զուգահեռ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճան կը շարունակէ թափով խախտել հրադադարը։ Վերջին օրերուն նոյնիսկ ուղղակիօրէն Հայաստանի տարածքէն ներս խաղաղ բնակիչներ սպաննուեցան Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ, զինուորներու առընթեր։ Այս լարուած ու մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ է, որ միջնորդները յառաջ կը տանին իրենց ջանքերը։
Սերժ Սարգսեանէն առաջ արդէն Նիւ Եորք մեկնած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Իր մասնակցութեամբ վերջին օրերուն Նիւ Եորքի մէջ շարունակուեցան ղարաբաղեան բանակցութիւնները։ Նալպանտեան նախ առանձին տեսակցեցաւ եռանախագահներուն հետ, իսկ աւելի վերջ անոնց մասնակցութեամբ տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Միջնորդները առանձին տեսակցութիւն մըն ալ ունեցան ազէրի նախարարին հետ։