ՆՈՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ
Իսթանպուլահայ վարժարաններէն ներս այս առաւօտ հնչեց վերամուտի զանգը։ 2015-2016 կրթական շրջանը սկսաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Մեր վարժարաններու աշակերտները, կրթական մշակները եւ բոլոր պատասխանատուները ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։ Բոլորը տօնական տրամադրութեամբ եւ յաջողութեան անկեղծ բարեմաղթութիւններով զիրար ողջունեցին՝ աշխատանքային նոր շրջանի մը ընդառաջ։
Որքան որ ալ բազմաբնոյթ խնդիրներով ծանրաբեռնուած ըլլայ մեր կրթական համակարգին օրակարգը, այս տարի եւս վերամուտի եռուզեռը ապրուեցաւ լիուլի։ Բոլորը նոր յոյսերով ու թարմ եռանդով աշխատանքի լծուեցան, ինչ որ անշուշտ հիմնական գրաւականն է բոլոր ձեռքբերումներուն։
Այս տարի արտասովոր ոգեւորութիւն ապրուեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ, որ իր նորակառոյց շէնքով ողջունեց վերամուտը։
Յաջողութիւն կը մաղթենք իսթանպուլահայ մեր վարժարաններու բոլոր աշակերտներուն, մեր բոլոր կրթական մշակներուն եւ վարժարաններու պատասխանատուներուն, յարատեւութեան մաղթանքներով։