ՈՉ ԵՒՍ Է ՇԻՄՈՆ ՓԵՐԵՍ
Իսրայէլի նախկին նախագահ Շիմոն Փերես մահացաւ 94 տարեկան հասակին։ Ան Իսրայէլի իններորդ նախագահն էր։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, իր որդին՝ Նեհեմիա Փերես այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Այսօր խորին վշտակցութեամբ հրաժեշտ կու տանք մեր հօր՝ Իսրայէլի պետութեան իններորդ նախագահին։ Մեր հօր ժառանգութիւնը ապագան է, միշտ նայինք դէպի ապագայ եւ շարունակենք ձգտիլ խաղաղութեան»։
Շիմոն Փերես Սեպտեմբերի 13-ին փոխադրուած էր հիւանդանոց, իսկ երէկ բժիշկները տեղեկացուցած էին, որ իր վիճակը վատթարացած էր լրջօրէն։
Իսրայէլեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Շիմոն Փերեսի յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է Սեպտեմբերի 30-ին։ Օր մը առաջ ալ պետական սգահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ իրեն համար։
Շիմոն Փերես Իսրայէլի մէջ պետական աւագանիէն ներս գրեթէ բոլոր գլխաւոր պաշտօնները զբաղեցուցած էր։ Ան երկու ժամկէտով վարած էր վարչապետի պաշտօն, ինչպէս նաեւ քանի մը անգամ եղած էր պաշտպանութեան նախարար, ելմտական նախարար, հաղորդակցութեան նախարար, արտաքին գործոց նախարար, ներքին գործոց նախարար եւ այլն։ 2007-2014 թուականներուն եղած էր Իսրայէլի նախագահը։
1994 թուականին Շիմոն Փերես արժանացած էր Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին՝ Օսլոյի հաշտութեան բանակցութիւններուն մէջ ունեցած դերակատարութեան համար։ Ծանօթ է, որ այդ բանակցութիւնները սկիզբ դրած էին՝ Պաղեստինի ինքնավարութեան քաղաքացիական իշխանութիւն յանձնելու գործընթացին։
Շիմոն Փերես, որ 2014 թուականին հեռացած էր քաղաքական կեանքէ, Իսրայէլի քաղաքական թատերաբեմի կարեւորագոյն դէմքերէն մին էր։ 1923 թուականին ան ծնած էր Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ՝ որպէս հարուստ առեւտրականի մը որդին։ 1934 թուականին Պաղեստին գաղթած էր իր ընտանիքին հետ։ Հարվըրտի համալսարանէն շրջանաւարտ Շիմոն Փերես քաղաքական կեանքի մէջ գտնուած էր 66 տարի ու զանազան պաշտօններ ստանձնած՝ Իսրայէլի անկախութեան պատերազմին շրջագծով։ 1995 թուականին ընտրուած էր Քնեսեթի անդամ եւ մինչեւ 2007 թուականը անընդմէջ գտնուած էր խորհրդարանի երդիքին տակ։ Փերես 1994 թուականին արժանացած Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակը բաժնած էր Իսրայէլի նախկին վարչապետներէն Իցաք Ռապինի եւ Պաղեստինի Ազատագրման կազմակերպութեան ղեկավար Եասէր Արաֆաթի հետ։
Հարկ է յիշեցնել, որ 2009 թուականին Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ կազմակերպուած Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին ժամանակ Շիմոն Փերեսի եւ Թուրքիոյ այդ շրջանի վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի միջեւ ապրուած լուրջ բանավէճը տագնապ մը յառաջացուցած էր երկու երկիրներուն միջեւ։
Այժմէն արդէն յայտնի է, որ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա եւ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը Երուսաղէմ պիտի մեկնին՝ մասնակցելու համար Շիմոն Փերեսի յուղարկաւորութեան։