ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կողմէ կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէն կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Քրդական ինքնավարութեան կողմէ երէկ հրապարակ-ւեցան հանրաքուէի պաշտօնական արդիւնքները։ Ինչպէս ծանօթ է, աւելի առաջ յայտարարուած էր, որ ընտրողներու 72 տոկոսը մասնակցութիւն բերած էր քուէարկութեան։ Ըստ երէկ հրապարակուած արդիւնքներուն, քուէարկութեան մասնակիցներու 92.73 տոկոսը արդէն հաւանութիւն տուած է անկախութեան։

Այս հանրաքուէին յաջորդած իրադարձութիւններուն ուշի ուշով կը հետեւի Անգարայի ղեկավարութիւնը, որ նախապէս բուռն պատգամներ տալով արտայայտած էր իր խոր վերապահութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը՝ անվը-տանգութեան հարցերու շուրջ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս խորհրդակցութիւնը, որ տեւեց 2.5 ժամ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ գլխաւորուած այս ժողովին ներկայ գտնուեցան Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Ժողովի ընթացքին քննարկը-ւեցան Իրաքի եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։ Ժողովականները կանգ առին նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։

Առկայ պայմաններուն ներքեւ Անգարայի եւ Պաղտատի ղեկավարութիւններն ալ սերտ համագործակցութիւն կը ծաւալեն։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրաքի Վարչապետ Էլ Իպատիի հետ։ Երկու վարչապետները կանգ առին Հիւսիսային Իրաքէ ներս կազմակերպուած ապօրինի հանրաքուէի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն վրայ։ Էլ Իպատի երէկ յայտարարեց, որ լուրջ քայլեր պիտի առնուին բոլոր անոնց դէմ, որոնք իր երկրի անվտանգութեան եւ ամբողջականութեան դէմ կը սպառնան։

Մինչ այդ, Թուրք զինեալ ուժերը երէկ գործողութիւններ իրականացուցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծած են ահաբեկչական թիրախներ։ Բաց աստի, Սիլոփիի եւ Հապուրի շրջանին մէջ ալ կը շարունակուին Թուրքիոյ եւ Իրաքի զօրքերու համատեղ ռազմափորձերը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2017