ԱՐՈՆԵԱՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԸ

Հայկական ճատրակի յառաջատարներէն Լեւոն Արոնեան երէկ ապահովեց նոր նուաճում մը, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէն ներս եւ առիթ հանդիսացաւ մեծ ուրախութեան։ Այսպէս, Լեւոն Արոնեան դարձաւ աշխարհի ախոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թիֆլիզի մէջ կազմակերպուած ճատրակի աշխարհի բաժակի խաղարկութեան աւարտին Լեւոն Արոնեան ապահովեց առաջին տեղը։

Եզրափակիչ խաղին Արոնեանի մրցակիցն էր Չինաստանէն Տին Լիժէն։ Դասական չորս փուլերէն վերջ երկու խաղացողները ունէին հաւասար՝ 2-ական միաւորներ եւ որոշիչ չեղան նաեւ երկարաձգուած փուլերը։ Այսպէսով անոնք անցան արագ ճատրակի խաղարկութեան։ Առաջին փուլին Լեւոն Արոնեան սպիտակներով գերազանցութեան հասաւ իր մրցակցին դիմաց։ Երկրորդ փուլէն եւս Արոնեան դուրս եկաւ յաղթանակով եւ ապահովեց 4 միաւոր։ Այսպէսով Լեւոն Արոնեան 12 տարի վերջ կրկին դարձաւ աշխարհի բաժակակիր։ Ան աշխարհի վրայ առաջին ճատրակի վարպետն է, որ աշխարհի բաժակը կը նուաճէ երկրորդ անգամ։

Լեւոն Արոնեան աւելի առաջ 2005 թուականին նուաճած էր ճատրակի աշխարհի բաժակը։ Երէկ իր հասած գերազանց յաջողութեամբ ան միեւնոյն ժամանակ իրաւունք շահեցաւ յառաջիկայ տարուան Մարտին Պերլինի մէջ նախատեսուած յաւակնորդներու մրցաշարքին մասնակցելու։

Մինչ Լեւոն Արոնեանի յաղթանակը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ երէկ շնորհաւորութեան ուղերձ մը յղեց ախոյեանին։ Սերժ Սարգսեան, որ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի Ճատրակի դաշնակութիւնը կը գլխաւորէ, Լեւոն Արոնեանին մաղթեց քաջառողջութիւն, մարտական բարձր տրամադրութիւն եւ նորանոր փառահեղ յաղթանակներ։ «Ձեր յաղթանակը նոր էջ մըն է հայկական ճատրակի պատմութեան մէջ եւ ոգեւորութեան ու հպարտութեան առիթ՝ մեր ժողովուրդին համար։ Ըլլալով հայկական ճատրակի առաջատարը՝ դուք մեծ եւ արդիւնաւէտ ջանքեր կը ներդնէք մեր երկրէն ներս այս մարզաձեւի ծանօթացման եւ զարգացման ուղղութեամբ», նշեց Սերժ Սարգսեան իր շնորհաւորական պատգամին մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2017