ԿԷՕԹԷԻ ԿԱՃԱՌԸ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հայաստանի մէջ սկսաւ Գերմաներէնի շաբաթը։ Այս առթիւ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպանը տեղեկացուց, որ մինչեւ տարեվերջ Երեւանի մէջ գործել պիտի սկսի Կէօթէի կաճառի կեդրոնը։

Ըստ դեսպանի բացատրութիւններուն, այս կեդրոնը պիտի ունենայ երկու հիմնական գործունէութեան ուղղութիւն՝ մշակութային եւ լեզուական։ Այսինքն կեդրոնը ոչ միայն պիտի մատուցէ մշակութային ծրագրեր, այլ նաեւ պիտի զբաղի գերմաներէնի տարածումով եւ ուսուցումով։ «Սա Հայաստանի կառավարութեան մեծ փափաքը եղած է։ Ինչպէս գիտէք, մինչեւ հիմա Հարաւային Կովկասի մէջ կը գործէր միայն մէկ Կէօթէի կաճառ, որ կը գտնուի Թիֆլիզի մէջ։ Մենք ուրախ ենք յայտնելու, որ այստեղ եւս կեդրոն պիտի բացուի», ըսաւ գերմանացի դեսպանը եւ աւելցուց, որ Հայաստանէ ներս ցայսօր կը գործէր Կէօթէի կաճառի լեզուի ուսուցման կեդրոն մը, սակայն անոնք կ՚ուզեն ուժեղացնել Կէօթէի կաճառի ներկայութիւնը։

«Վրաստանի մէջ գործող Կէօթէի կաճառը միշտ աջակցած է Հայաստանի մէջ կազմակերպուած մշակութային բազմաթիւ ձեռնարկներուն։ Հիմա այս նորաբաց կեդրոնը ինքնուրոյն պիտի ներկայացնէ մշակութային տարրը», ըսաւ գերմանացի դեսպանը եւ ընդգծեց, որ սա հիանալի քայլ մըն է Հայաստան-Գերմանիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանը նշելու տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2017